image

Է՜հ յիսուն սուրիական ոսկի, ի՞նչ գրպաններու, դրամապանակներու մէջ գիշերեցիր ու դարձար քուրջ

Է՜հ յիսուն սուրիական ոսկի, ի՞նչ գրպաններու, դրամապանակներու մէջ գիշերեցիր ու դարձար քուրջ

ՅԱՐՎԱՐԴ  (ՅԱՐՈՒԹ ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ)

 

                       ԽՕՍՔ ՅԻՍՈՒՆՆՈՑԻ ՀՈԳՒՈՅՆ


Երբեմն այնքան շատ վիրաւորուած յիսուն ս.ո. մը կ'անցնի ձեռքս որ կը մտածեմ թէ իր արժէքին չափ փակցնելիք պէտք է դնել անոր ճեղքերուն վրայ՝ զայն վիրաբուժելու համար. ճմռթկուած սպիներն անջնջելի մնալու նախապայմանով։ Եթէ մարդ սիրտ ունենայ, անոր վրայի իւղի սեւ շերտերն ալ կարելի է անհետացնել ռետինով։ Պղտորութենէն՝ ալ չենք իսկ տեսներ թէ ի՞նչ է անոր վրայի պատկերը, չենք յիշեր տիպը։

                                                  ***

Երկրիս վէրքերն ալ այսքան դիւրին պիտի վիրաբուժուի՞ն արդեօք, ճեղք առ ճեղք. քանի որ կ'ըսուի թէ զինուորական «գործողութիւն»ը շատ յաջող անցեր է, սակայն հիւանդը՝ ժողովուրդը՝ մեռա՜ւ, գործողութեան սենեակի սուր ու կոյր լուսարձակին տակ. քանզի պատճառները բազում՝ բայց մահը մէկ է միշտ։

Է՜հ յիսուն սուրիական ոսկի՛, ոսկի՝ առանց փայլքի. ի՞նչ գրպաններու, դրամապանակներու մէջ գիշերեցիր ու դարձար քուրջ։ Ովքերո՞ւ ձեռքերէն անցար, ովքերո՜ւ մատնահետքերը շերտ առ շերտ դրոշմուեցան վրադ, կրկնագիր մագաղաթի՝ «palimpsest»ի նման, մինչեւ որ հիւծիս եւ տասնապատիկօրէն արժեզրկուիս այդ անիծեալ «կանաչ» դրամանիշին դէմ հանդիման. մինչեւ որ քեզի հետ կծկուին նաեւ մեր կեանքի դիւրահերձ պատեանները, պղտորին մեր ապագայի երազներու ամենատես ու հսկայապարփակ գունտերը. հարիւրապատիկ տարողութեամբ, հոգեւոր սակարաններու մաղերէն բռնի հոսող...

                                            ***

Եկո՛ւր, մոխրամռայլ յիսուննոցս իմ դուն, մկրատով ձեւեցի արդէն պատռտուքներուդ համընկնող՝ թափանցիկ ու կպչուն կտրօններ, որոնք մե՜ծ համբերութեամբ պիտի զետեղեմ հիմա հայրենիքիս վէրքերուն՝ իբրեւ քսուկ մը բուժիչ, դառն համբոյրի մը պէս. արագընթաց ու կործանարար դէպքերուն հոսանքին դէմ՝ այսքան անճար ականատես մը՝ այսքան անտարբեր սէզ մը չըլլալու համար։

Ձեռքէս ուրիշ ի՞նչ կրնար գալ որ, ըսէ՛, ի՞նչ, տխրութենէ ճողած ու շա՜տ շուտ ծերացած յիսուննոցս իմ դուն. հիմա որ կերպարանափոխ՝ մետաղեայ տարբերակդ կ'իջնէ շուկայ։

 

23.07.2019


Հալէպ