Լ. Շառոյեան (Հալէպ)
Լուրը կարդացի ամերիկահայ մամուլին մէջ։
Ընդվզեցայ ու տխրեցայ, որովհետեւ կը հաւատամ որ հայկական գրատան մը փակումը համազօր է հայկական դպրոցի մը փակումին։
Այո՛, շուտով իր դռները պիտի փակէ եղեր Լոս Անճելըսի ամէնէն հայահոծ թաղամասի՝ Կլէնտէյլի, նշանաւոր «Գրատուն Պերճ»ը…։ Ափսո՜ս։
Հոս ու հոն հայկական դպրոցներու իրերայաջորդ փակումին զուգահեռ՝ ահաւասիկ ականատես կամ ականջալուր կ՛ըլլանք հայկական գրատուներու փակման։ Այսինքն՝ իրենց դռները վերջնականապէս կը գոցեն ՀԱՅԵՐԷՆ ԳԻՐՔ վաճառող հաստատութիւնները…։
Այս տագնապը կ՛ապրինք մեծ ու փոքր բոլոր գաղութներու մէջ՝ Հալէպէն սկսեալ։ Կը յիշէ՞ք գրատուն Պօղարեանը, գրատուն Կիւլէսէրը, գրատուն Օմար Խայեամը (Զ. Սապունճեան), գրատուն Ճիզմէճեանը, գրատուն Ապաճեանը, բայց նաեւ՝ գրատուն-հրատարակչատուն Կիլիկիան…։ Բոլո՜րն ալ փակուեցան մի առ մի։
Հիմա, մենք, իբրեւ ծնողներ կամ երէցներ, ուրկէ՞ պիտի ապահովենք մեր երեխաներուն մանկապատանեկան գիրքերը, ո՞ւր պիտի յղենք մեր պատանիները՝ դասական հատորի մը ընթերցումը թելադրելու համար անոնց …։ Ո՞ւր պիտի դիմենք՝ նորատիպ բառարան մը կամ շահեկան գիրք մը գնելու համար։ Հասցէ չկայ այլեւս։ Հայ գիրքի աշխարհին ու մեր միջեւ հաստ ու անանցանելի բա՜րձր պատ մը կառուցուած է կարծէք։
Ահա՛ Լոս Անճելըսի պարագան։ Որքան որ գիտենք, «Գրատուն Պերճ»ը ԳալիՖորնիոյ հայահոծ նահանգին հայկական ԵՐԵՔ գրատուներէն մէկն էր։ Եւ որքան որ գիտենք, այդ նահանգին հայութեան թիւը տարուէ-տարի կը բազմանայ ու կ՛ուռճանայ՝ Միջին Արեւելքէն ու Հայաստանէն դէպի այդ ափերը քաշքշուող հազարաւոր բազմութիւններով։
«Գրատուն Պերճ»ին սեփականատէրը՝ Պերճ Տէր Սահակեան, որուն արմատները Հալէպէն են, եւ որուն հայրը՝ Աւետիս Տէր Սահակեան, տասնամեակներ շարունակ տպարան բանեցուցեր էր Հալէպ ու Պէյրութ, հիմա ահաւասիկ յոգնա՜ծ ու սպառած՝ կ՛որոշէ փակել իր այնքան սիրելի գրախանութը։ Վերջակէտ մը կը դրուի շուրջ ԻՆԻՍՈՒՆ ՏԱՐԻ ՏԵՒՈՂ մշակութային աւանդութեան մը ետին (Աւետիս Տէր Սահակեանի տպարանային գործունէութիւնը սկսեր էր 30-ական թուականներուն)։
Թող բազմանա՜յ ամերիկահայ գաղութը։ Ու թող շարունակէ՜ տարհամոզել շատերը՝ թէ կը գտնուի «Հայ Դատի պահանջատիրութեան առաջին գիծերուն վրայ…»։
Երանի՜ մեզի։