image

Իր մահը պիտի սգանք որպէս կորուստ և զգալի բացակայութիւն մեր նօսրացած գաղութին համար

Իր մահը  պիտի սգանք որպէս կորուստ և զգալի բացակայութիւն մեր նօսրացած գաղութին համար

Դոկտ. Անուշ Նագգաշեան

 

Ժօրժէթին հետ յիշողութիւնս կու գայ փոքր տարիքէս...
Ռամի չորս քոյրերը, որոնք առիթը չէին փախցներ Երուսաղէմ այցելելու, մինչև որ Երուսաղէմը ձևով մը դարձաւ իրենց մշտական բնակավայրը։
Վանքը՝ փոքրիկ սենեակ մը Աբեղայ թաղին մէջ յատկացուցած էր չորս քոյրերուն համար, որպէսզի իրենց այցելութիւններուն այնտեղ գիշերէին, որովհետև եկեղեցասէր քոյրերը պէտք չէր բացակայ ըլլային տօներէն։ Նախատօնակներուն, պատարագներուն, Ծնունդ, Զատիկ մի՛շտ ներկայ էին։ 
Աբեղայ թաղը մեր դրացի թաղերէն է, ուրեմն մտերմանալու աւելի առիթ կար, իրիկունները մանաւանդ Ժօրժէթը անպայման կու գար մեր տուն։ Հօրս «Ամմօ Հրանդ» կը դիմէր և այնքան անկեղծ ու սրտանց, կարծես հայրս իր իսկական հօրեղբայրը ըլլար։ Իսկ հայրս՝ յատուկ յարգանք ունէր խելացի և գործունեայ տիկիններու և օրիորդներու հանդէպ, նոյնիսկ իր հնութեան հաւաքածոյէն վզնոց մը նուիրած էր և Ժօրժէթը յաճախ կը յիշէր և անպայման պիտի ըսէր. «Պապադ ինծի շատ կը գնահատէր»։
Ես փոքր էի, շատ չէի խառնուեր խօսակցութեան, սակայն հաճելի էր հետևիլը, որն ինծի համար « Խելացի խօսակցութիւն» պէտք է ըլլար, որովհետև հայրս ու Ժօրժէթը չէին կրնար «ոչ խելացի» խօսիլ։
Հայրս և Ժօրժէթը նոյն կուսակցութեան անդամները չէին, օր մը Ժօրժէթը իր անմիջականութեամբ հօրս ըսաւ. «Ամմօ Հրանդ, քեզի շատ կը սիրեմ, դուն ինչո՞ւ դաշնակցական չես», հայրս նոյն անկեղծութեամբ պատասխանեց. «Աղջիկս կը մտածեմ քեզի ռամկավար ընել»։ Եւ երկուքը լիաթոք խնդացին։ Այդպիսի առողջ խնդուք շատ քիչ կը պատահի։ «Կարևորը նպատակն է, թէև հեռու հայրենիքէն, բայց բոլորս հայրենիքի համար» վերջացուց հայրս։ Այսպիսի կատակներ կ՛ըլլային և ես շատ կ՛ուրախանայի, որովհետև տարբեր կուսակցութիւններու պատկանիլ կամ ծառայել երբեք բաժանում կամ պառակտում պէտք չէ նշանակէ, այլև իւրաքանչիւրը իր ձևով իր գաղափարին և մէկ հայրենիքի։
Ծնած, մեծցած և ուսումը ստացած ոչ հայկական շրջանակի մէջ, դեռ չի նշանակեր հայ չմեծնալ և հայերէն չխօսիլ, Ժօրժէթենց ընտանիքը անոր լաւագոյն օրինակն է։
Հայրենասէր, եկեղեցասէր, իր գաղափարին և նպատակին նուիրուած ապրեցաւ Ժօրժէթը, այսինքն լեցուն կեանք ունեցաւ, իր մահը ոչ միայն պիտի սգանք որպէս վերջը իր կեանքին, այլ՝ կորուստ և զգալի բացակայութիւն մեր նօսրացած գաղութին համար։
Խորին ցաւակցութիւններս մահդ խորապէս սգացող քոյրերուդ...


Օտար հողը թեթև գայ վրադ, սիրելի' Ժօրժէթ։