image

Քոյր Հետուիկի ժամացոյցը պիտի վերականգնուի Այնճարի մէջ. Լուսանկար

Քոյր Հետուիկի ժամացոյցը պիտի վերականգնուի Այնճարի մէջ. Լուսանկար

Յակոբ Այնթապլեան- Այնճար

 

Ժամացոյցը՝ Այնճարի երբեմնի Աշտարակը...

Ժամացոյցը՝ Այնճարի հիմնադրութեան, բայց մանաւանդ անոր բարգաւաճման լաւագոյն խորհրդանիշը...


Կար ժամանակ, երբ ինքը՝ ժամանակը կանգ առած էր, մալարիայով ու գոլերայով ողողուած այս բաց տարածութեան մէջ, ուր հերոսածին մուսալեռցին կոչուած էր իր պատմութեան երկրորդ մեծագոյն եւ ճակատագրական գոյամարտը մղելու, այո՛, հոս՝ անմարդաբնակ այս ճահիճներուն մէջ, եւ եթէ ՄուսաԼերան քառասուն օրերու հերոսամարտին տուինք 18 նահատակներ, ապա Այնճարի հիմնադրութեան առաջին տարիներուն մենք տուինք աւելի քան հազար նահատակ...


Այո՛, ժամանակը կանգ առած էր... կանաչապատ ու դրախտային ՄուսաԼեռը փոխարինուած էր դժոխային տափաստանով մը. ազատատենչ մուսաԼեռցին, որ կերտած էր համաշխարհային պատմութեան ազատագրական պայքարներու ամենէն հերոսականն ու իւրայատուկը,  հիմա պիտի լծուէր դժողքը դրախտի վերածելու  հրաշազօր աշխատանքին...


Ահաւասիկ կեանքի ու մահուան ճիշդ այդ կիզակէտին կը յայտնուի  ոմն միսիոնարուհի՝ ՔՈՅՐ ՀԵՏՈՒԻԿ, որ այլ քանի մը քոյրերու հետ՝ զուիցերիական-գերմանական բարեսիրական Հիլֆսբունտ միսիոնարութեան անունին տակ մուսալեռցի այնճարցիներուն անխոնջ ծառաներէն մէկը պիտի դառնար երկար տարիներ... Ան իր կրթական, առողջապահական, բարեսիրական, ընկերային , բարեզարդման եւ այլ նուիրական աշխատանքներով արդարօրէն մեր գիւղացիներուն՝ մուսաԼեռցիներուն, անսակարկելի եւ լիաբուռն յարգանքին արժանացաւ...
Քոյր ՀեՏՈՒԻԿ անունը անվերապահօրէն ոսկի տառերով արձանագրուած է Այնճարի պատմութեան տօմարներուն մէջ անկասկած...


 

 

Ինչ որ անարդար էր սակայն եւ անընդունելի, Այնճարի սրտին անոր կառուցած ԺԱՄԱՑՈՅՑԻՆ քանդումն էր օրուայ պատկան մարմիններուն կողմէ: Եւ ինչ-ինչ հանգամանքներու եւ պատճառաբանութիւններու բերումով ալ քանդուած ըլլար անարգանքի արտայայտութիւն մըն էր հանդէպ Հիլֆսբունտ միսիոնարութեան...

Օրին,  երբ գիւղացիներու ձեռքին ժամացոյց ունենալը բացառութիւն էր, գիւղի մայր հրապարակին վեհօրէն կանգնած ԺԱՄԱՑՈՅՑԸ գլխաւոր յուշարարն էր համագիւղական զօրաշարժի...
Ու երբ ժամը հնչէր՝ գիւղացին գործի պիտի երթար, աշակերտը` դպրոց եւ ընդհանրապէս՝ եկեղեցի, ձեռնարկի կամ ժողովի...

Այսօր՝ տարիներ ետք, ի պատիւ Այնճարի հիմնադրութեան 80-ամեակի կեդրոնական մարմնին և նախաձեռնութեամբ Այնճարի Հայ Աւետարանական համայնքին, ԺԱՄԱՑՈՅՑԸ վերականգնելու կամք ցուցաբերուած է, որու գործադրման աշխատանքներուն ականատեսն ենք բոլորս...

ԺԱՄԱՑՈՅՑԸ մօտիկ ապագային կը վերականգնի որքան պարզ, նոյնքան վեհ ու երկնասլաց...

 
ԺԱՄԱՑՈՅՑԸ կը մնայ եւ պէտք է մնայ խորհրդանշային ազդանշանը 80-ամեայ Այնճարին նորանոր նուաճումներուն...

Վաղը, երբ կրկին լսուի արդէն բարձրահասակ ծառերուն մէջ կորսուած ԺԱՄԱՑՈՅՑԻՆ ձայնը, մեր երիտասարդները զայն պիտի ընկալեն որպէս զօրակոչ դարձեալ յաղթանակով պսակելու մեզի պարտադրուած այսօրուայ ճակատամարտը...