image

Թուրքիա ապրող 13-ամեայ Արթուրը ուղիղ եթերի ժամանակ իսլամ ընդունած է

Թուրքիա  ապրող   13-ամեայ Արթուրը  ուղիղ   եթերի  ժամանակ իսլամ    ընդունած է

 

Սագօ  Արեան  կը  գրէ ՝

 Թուրքիա ապրող 13-ամեայ ԱՐԹՈՒՐԸ ուղիղ եթերով Իսլամ ընդունած է։ Իսկ իսլամ դառնալու անոր «կնքահայր»ը հպարտութեամբ կը խօսի Արթուրի առած որոշումին մասին, ըսելով նաեւ, որ Արթուր այդ կերպ «պիտի մաքրուի» իր բոլոր մեղքերէն։ Եղածը ԱՀԱԶԱՆԳ է յատկապէս Պոլսոյ համայնքին, որովհետեւ Արթուրի նման հարիւրաւորներ կան, որոնք օտարուած են հայկական արժէքներէ եւ քրիստոնէական հաւատքէ ու ընկալումէ։ Արթուրը պարզապէս օրինակ մըն է սթափուելու եւ գործնական քայլերու անցնելու։ Խօսքիս մէջ մեղադրանք մի փնտռէք, պարզապէս պէտք է ամէն ճիգ թափել Թուրքիոյ եւ յատկապէս Իսթանպուլի մէջ ապրող հայաստանցիներուն օգնութեան ձեռք երկարելու համար։