image

Գոյժ. Ի Տէր հանգեաւ հայրենի 99-ամեայ ուսուցիչ, թարգմանիչ եւ հայ մշակոյթի վաստակաշատ գործիչ՝ Պարգեւ Շահպազեանը

Գոյժ. Ի Տէր հանգեաւ հայրենի 99-ամեայ ուսուցիչ, թարգմանիչ եւ հայ մշակոյթի վաստակաշատ գործիչ՝ Պարգեւ Շահպազեանը

Լիբանանահայ գրող Արամ Սեփեթճեան կը գրէ.-

 

Գոյժ

 
Ի Տէր հանգեաւ հայրենի 99-ամեայ ուսուցիչ, թարգմանիչ եւ հայ մշակոյթի վաստակաշատ գործիչ՝ Պարգեւ Շահպազեանը

 

Երեւանի մէջ, Ապրիլի 27-ին իր մահկանացուն կնքեց հայ մշակոյթի ամբողջանուէր մշակ՝ ուսուցիչ- թարգմանիչ-խմբագիր («Էջմիածին» ամսագիր) եւ Վազգէն Ա. Ամենայն Հայոց Հայրապետի 40-ամեայ աջակից Պարգեւ Շահպազեան: Ծնած էր 1920-ին Պոլիս: Երկու տարեկանին՝ ընտանիքին հետ կը տեղափոխուի Հալէպ՝ ուր կը ստանայ իր նախակրթութիւնը: Ապա՝ կը փոխադրուին Պէյրութ, ուր կը ստանայ իր բարձրագոյն կրթութիւնը, նոյն շրջանին հայկական վարժարաններէ ներս կը վարէ այցելու ուսուցիչի պաշտօններ, մինչեւ 1946 հայրենադարձի թուականը: Այդ թուականներուն կը պարտիմ մեր ծանօթութիւնը իբրեւ ուսուցիչ:

 
Վերջին տասնամեակին վերահաստատուած էր մեր գրական գործակցութիւնը, երբ յաջորդաբար ի լոյս ընծայեց ֆրանսերէնէ հայերէն թարգմանելով տասնեակ մը հատորներ: Ներկայ լուսանկարը կը պարտինք հայրենի երիտասարդ մտաւորական Սերգէյ Մանուէլեանին, որ 2018 Սեպտեմբերի օր մը հանրածանօթ գրող Թորոս Թորանեանին հետ մեզի համար պատմական թուող այց մը տուեր էինք մեծանուն եւ յաւերժի ուղեւոր ՊԱՐԳԵՒ ՇԱՀՊԱԶԵԱՆին:


Յաւերժ լոյս ու խաղաղութիւն իր հոգիին: