image

«Կը յուսամ զիս հանգիստ կը ձգեն». Հերթական յարձակման փորձ Սեւրի վարժարանին դէմ

«Կը յուսամ զիս հանգիստ կը ձգեն». Հերթական յարձակման փորձ Սեւրի վարժարանին դէմ

 

Սեւրի Մխիթարեան վարժարանի պատասխանատու՝ Հայր Յարութիւն վրդ. Պզտիկեան կը տեղեկացնէ, որ երէկ  վարժարանին վրայ  յարձակման հերթական փորձ տեղի ունեցած է։
 Վարդապետը մասնաւորաբար  գրած է ՝

 

«Այս երեկոյ՝  22,02,19, ժամը 18-ին, խումբ մը երիտասարդ «վանտալներ» կրկին ապօրինի ճամբով մտած էին Վարժարանի կալուած (Սամուէլ Մուրատեանի) եւ մինչ կը փորձէին փակ դռներ եւ պատուհաններ բռնաբարել, Սեւրի ոստիկանութիւնը, ցուցմունքիս վրայ, ատենին հասաւ եւ կալանաւորեց շուրջ 10 հոգի, գրաւելով անոնց անձնագիրներն ու ինքնութեան թուղթերը:
 
Այսօր Հիւսիսային ֆրանսայի 15 օրեայ ձմեռնային արձակուրդ»ի առաջին օրն է: Յուսանք զիս հանգիստ կը ձգեն»։