image

Մարդ մէկ գաղափարի երդում կու տայ.Արամ Սերժ Թովմասեան

Մարդ մէկ գաղափարի երդում կու տայ.Արամ Սերժ Թովմասեան

Ֆէյսպուքեան օգտատէր Արամ Սերժ Թովմասեան կը գրէ ՝

Մեծ հօրս հայրը՝ Սարգիս Թովմասեան, ծնած Ռուսիա, երիտասարդ տարիքէն անդամակցած նորաստեղծ Հ Յ Դաշնակցութեան, մաս կազմած կամաւորական Ա խումբին, (Անդրանիկի հրամանատարութեամբ), ձերբակալուած պոլշեւիկներու կողմէ եւ աքսորուած. Ի վէրջոյ հաստատուած Թեհրան եւ մահացած այդտեղ։ Մեծ հայրս՝ Յարութիւն Թովմասեան, ծնած Թիֆլիս, փոքր տարիքէն անդամակցած Հ Յ Դաշնակցութեան, Պարսկաստանի մարտական կառոյցի նուիրեալներեն։ մահացած Թեհրան։ Հայրս՝ Սարգիս (Սերժ) Թովմասեան, ծնած է Թեհրան, փոքր տարիքէն անդամակցած Հ Յ Դաշնակցութեան, ղրկուած Լիբանան։ Ունեցած է կուսակցական բեղուն, բացայայտ եւ նաեւ գաղտնի (զինեալ պայքար) գործունէութիւն. Նահատակուած՝ Պէյրութ։ Հպարտ եմ Դաշնակցական ընտանիքի մէջ ծնելուս։ Մօրենական ընտանիքս ալ եղած է Դաշնակցական եւ փոքր տարիքէս մեր տան մթնոլորտը եղած է Դաշնակցական ։ Այս չի նշանակեր, որ այլամերժ եմ։ Ունեցած եմ եւ ունիմ Հնչակեան եւ Ռամկավար ընկերներ, շատերուն հետ մտերիմ եւ իրենք կրնան վկայել, որքան յարգանք ունիմ իրենց պատկանած կուսակցութիւններուն հանդէպ։ ՍԱԿԱՅՆ զէրօ յարգանք ունիմ բոլոր անոնց, որ այսօր Նիկոլական են, երեկ ՀՀԿ կամ նոյնիսկ Դաշնակցական էին, առջի օր ՀՀՇ... Մարդ անգամ կը ծնի 1 կրօնք կ՚ունենայ 1 ազգութիւն և 1 գաղափարի երդում կուտայ։