image
Հրատապ լուրեր:

Աստուած ձեր Յակոբն ալ պահէ, միշտ հպարտ ըլլաք իրմով...

Աստուած ձեր Յակոբն ալ պահէ, միշտ հպարտ ըլլաք իրմով...

 Օգտատէր  Յակոբ Այնթապլեան կը գրէ ՝

 

Բարե՜ւ պր. Յակոբ, ինչպէ՞ս ես..... անունովդ ապրիս...
_լաւեմ շնորորհակալութիւն,Աստուած առողջ պահէ ձեզ..
_դդումը քանի՞ է...
_ երեք հազար...
_օօ՜՜ լաւ է , մեր հոն չորս ըսին, ասանք լաւ ալ չէր... առնեմ երկու քիլօ....

_ Ղապախը քանի՞ի կուտասկոր...
_ Քիլօն երեք հազար տիկին ....
_իւ՜ֆ ...ասկէ լաւը երկույի կուտանկոր վարը ...չառի... կ՛ըլլանէ առնեմ...
_Չէ չըլլար ...գնայ վարէն առ....
_ Ասի Անճարցի է...ասոր խօսքը խօսք է....

Բարե՜ւ Յակոբ, ասի նոյն փաթաթեսէ՞ն է... շատ աղուոր տապկուեցաւ ....նորէն առնեմ...
_Այո....
_Ինչ լաւ է կարծես նոր ալ փոտուեր է...
Հա՜ այսօր սուրբ Յակոբ է ...անունովդ ապրիս....
_Շնորհակալութիւն՝Աստուած ձեր պապային շուքը անպակաս ընէ ձեր վրայէն....

_Աւելի լաւ փաթաթայ չունի՞ս...քանի՞ է...
_Հազար հինգ....
_աս ինչ է լման հող է ալ....հողն ալ պիտի կշռե՞ս....
_հապա կեղուըուած պիտի ծախե՞մ....
_Աս տեսակը լաւ ալ չի տապկուիր...
Հազարի կուտա՞ս....
_Ոչ....
_Աս ալ երկու յաճախորդ տեսնանէ հետը չի խօսուիր...քալէ քալէ երթանք հաժէն առնենք...
_Ուրկէ կ՛ուզէս առ.... ո՞վ ձեռքդ բռնած է....

_Բարե՜ւ պր. Յակոբ...անունովդ ապրիս....
Մաշալլա դեկտեբեր մտանք դեռ պիպար կուգակոր Այնճարէն...վարձքդ կատար....
_Շնորհակալ եմ տիկին....Աստուած ձեր Յակոբն ալ պահէ, միշտ հպարտ ըլլաք իրմով...
_Մեծ տոպրակ մը տուր հաճիս. Ֆրիզըրը ունիմ բայց նորէն առնեմ......

_Ուրիշ պիպէր չիկա՞յ....
_Չէ՜՜
_Աս ին՞չ է...ամէն զարնուած է...դուն ալ սկսար յոգնած ապրանք բերել..
_Տիկին ժամանակը ու՞ր հասաւ ...լաւ որ ասիկա դեռ կայ...հաա՜ լաւ պիպէր կուզե՞ս....
_Այո .ուրէ կա՞յ....
_Անշուշտ կայ....նամակ պիտի գրես կաղանդ պապուկին ,ձիւներուն մէջէն կը բերէ քեզի.....կամ ալ մէկ օգոստոս 2019էն սկսեալ դարձեալ կը սկսինք գեղեցիկ պիպէրները բերել....
Հա՜ հա՜ հա՜ հա՜

 Իրենց անունով ապրին    բոլոր    Յակոբները