image

«Իր կորուստը մեծ ցաւ էր ամբողջ ազգին». Գանատահայ գործիչը ոգեկոչած է Սեպուհ Աբգարեանի յիշատակը (Լուսանկար)

«Իր  կորուստը մեծ ցաւ էր ամբողջ ազգին». Գանատահայ գործիչը ոգեկոչած է Սեպուհ Աբգարեանի յիշատակը (Լուսանկար)

Գանատահայ հասարակական գործիչ Տիգրան Ղորղորեանը իւրայատուկ  ձեւով մը ոգեկոչած է երկար տարիներ սերունդներու դաստիարակ հանդիսացած երաժիշտ, խմբավար եւ  ուսուցիչ Սեպուհ Աբգարեանի յիշատակը։

Ղորղորեան, որ նկարած  է Աբգարեանը, յայտնած է, որ այդպիսով կ՚ոգեկոչէ իր սիրելի ուսուցիչին յիշատակը։

 


Ան մասնաւորաբար գրած է՝ 

«Այս աշխատանքս կը կոչեմ «Իմ Ուսուցիչը», նուիրուած է մեր շատ սիրելի ուսուցիչին Պարոն Սեպուհ Աբգարեանին: Իր կորուստը մեծ ցաւ մըն է ոչ թէ միայն իր աշակերտներուն համար այլ ազգին: Հողը թող թեթեւ ըլլայ վրադ սիրելի ուսուցիչ»։

 Յիշեցնենք, որ Սեպուհ Աբգարեան երկար տարիներ, որպէս կրթական մշակ գործած է Կիպրոսի Մելգոնեան վարժարանին մէջ ու նաեւ եղած է  աշխարհառչակ «ԳՈՀԱՐ» երգչախումբի գլխաւոր  խմբավարը։