Եթէ կ՛ուզես Հայաստանի մէջ ընթացող ընտրապայքարին մասին գաղափար կազմել ու բաւարարուիս Լիբանանի հայերէն երեք օրաթերթերով, կ՛ունենաս հետեւեալ պատկերը (աչքէ անցուցած եմ «Արարատի» մինչեւ 1 Դեկտեմբերի, իսկ «Ազդակի» ու «Զարթօնքի» մինչեւ 4 Դեկտեմբերի թիւերը).-
«Զարթօնք» - ոչ մէկ լրատուութիւն քարոզարշաւի բովանդակային կողմին մասին։ Ութը օրուան ընթացքին տպուած է միայն մէկ հեղինակային յօդուած՝ ամերիկաբնակ սիւնակագրի մը կողմէ։ Հայաստանի մասին ամէն օր առնուազն մի քանի լուր կայ, բայց անոնցմէ ոչ մէկը ընտրութիւններուն հետ կապ ունի։
«Ազդակ» - ընտրարշաւին կը մասնակցի միայն մէկ կուսակցութիւն։ Բոլոր լուրերը այդ կուսակցութեան թեկնածուներուն կը վերաբերին։
«Արարատ» - ընտրարշաւին կը մասնակցի միայն մէկ անձ՝ 43ամեայ «դուխով» երիտասարդ մը, որ անցեալ Ապրիլին մօրուք աճեցուց։ Իր ըսածներէն զատ ուրիշ տեղեկութեան համարեա չհանդիպեցայ։
Եզրակացութիւն՝ փա՜ռք քեզ Աստուած, որ հնարաւոր դարձուցիր արբանեակային հեռատեսիլի ու համացանցի գիւտերը...