image

Քանի՞ լիբանանահայ նախարար պիտի դիմաւորէ Նիկոլ Փաշինեանին

Քանի՞ լիբանանահայ նախարար պիտի դիմաւորէ Նիկոլ Փաշինեանին

Արա Սանճեան

 

Հետաքրքրական զուգադիպութիւն.
Հայաստանի հրաժարեալ վարչապետը Շաբաթ առաւօտեան Լիբանան պիտի այցելէ։ Լիբանանը Մայիսէն ի վեր կառավարութիւն չունի, բայց նոր մը կազմելու համար ձգձգուող բանակցութիւնները մօտեցած են վերջնական հանգուցալուծման։ Նախընտրելի կը համարուի նոր կառավարութեան կազմութեան պաշտօնական յայտարարութիւնը կատարել մինչեւ ակնկալուող այցելութիւնը։
Կառավարութեան կազմութիւնն աւարտելու վերջին րոպէի խոչնդոտներէն մէկն ալ այն է թէ 30 նախարար ունենալիք այս կառավարութիւնը՝ ներկայիս նախարար ու Հ. Յ. Դաշնակցութեան ներկայացուցիչ Աւօ Կիտանեանի կողքին, երկրորդ հայ անդամ մը պիտի ունենա՞յ (ինչպէս աւանդոյթն է 1990-էն ի վեր) թէ՞ այլ կողմերու, յատկապէս՝ քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններու պահանջները պիտի բաւարուին օրը ըստ օրէ թուլացող հայ համայնքի «աւանդական իրաւունքներէն»՝ 30 անդամնոց կառավարութեան մէջ երկու նախարար ունենալու սկզբունքին հաշուին։
Մէկ խօսքով՝ քանի՞ լիբանանահայ նախարար պիտի դիմաւորէ Նիկոլ Փաշինեանին