image

Սփիւռքահայ «բարեգործներ» ու ներդրողներ...

Սփիւռքահայ «բարեգործներ» ու ներդրողներ...

Արա Սանճեան

 

Վերջին տարիներուն Հայաստանի իշխանութիւններէն յաճախակի կը լսուի այն յանկերգը, թէ իրենք Սփիւռքէն բարեգործութիւն չեն ուզեր, այլ ներդրումներ։ Ասիկա կը ներկայացուի իբրեւ դրական փոփոխութիւն, որ իբրեւ թէ փոխշահաւէտ, հաւասարը հաւասարին գործընկերութիւն պիտի ստեղծէ իբրեւ «մոնոլիթ» ներկայացուող Սփիւռքի ու Հայաստանի միջեւ... Ներկայ կառավարութիւնն ալ իր առաջին իսկ օրէն միացած է այս արշաւին։
Կ’ենթադրեմ թէ այս բոլորը տեղի կ’ունենան լաւ մտադրութիւններէ մեկնած, բայց անոնք անզգալաբար անտես կ’ընեն յարակից կարեւոր հանգամանք մը՝ ԱՒԵԼԻ ՄԵԾ ԹԻՒՈՎ ԱՆՁԻՆՔ (ԱՅՍ ՊԱՐԱԳԱՅԻՆ՝ ՍՓԻՒՌՔԱՀԱՅԵՐ) ԿՐՆԱՆ ՄԱՍՆԱԿԻՑ ԸԼԼԱԼ ԲԱՐԵԳՈՐԾԱԿԱՆ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՔԱՆ ՆԵՐԴՐՈՂՆԵՐ ԴԱՌՆԱԼ։ Բարեգործական նախաձեռնութեան կարելի է մասնակցիլ «այրի կնոջ երկու լումայով», բայց ներդրող դառնալու համար, ինչպէս անգլերէնով կ’ըսեն, խորունկ գրպաններ են պէտք։ Ինչպէս աշխարհի միւս ժողովուրդներուն մօտ, սփիւռքահայութեան մէջ ալ խորունկ գրպաններ ունին համեմատաբար քիչերը։

Շատ սփիւռքահայեր հաւաքովի այլազան օժանդակութիւններ ուղարկած են Հայաստան։ Վստահ եմ, որ անոնք պատրաստ են աւելին տալու այս ուղղութեամբ՝ եթէ քաջ իմանան թէ իրենց ուղարկածը անհատ պաշտօնեաններու անօրէն հարստանալու աղբիւր պիտի չդառնայ, այլ պիտի ծառայէ իր յայտարարուած նպատակին։ Այս վարքագիծը նման չէ փողոցին անկիւնը մուրացիկի մը տրուած ողորմութեան, այլ հիմնուած է այն յոյսի վրայ, որ իրենց օգնութիւնը գէթ փոքր չափով պիտի նպաստէ, որ ապագային Հայաստանը ոտքի կանգնի ու ինքնաբաւ դառնայ։ Այսպիսի «բարեգործութիւն» կատարողներուն մեծ մասը բաւարար «աւելորդ» դրամագլուխ (կապիտալ) չունի՝ ներդրում կատարելու համար։ Այս իմաստով «բարեգործութիւնն» ու ներդրումը հակադրելը տրամաբանական չէ, իսկ ներդրումը իբրեւ գերնպատակ շեշտելը Սփիւռք-Հայաստան կապերուն մէջ կը լուսանցքայնացնէ բազում սփիւռքահայեր, որոնք այսպէս կոչուած business-minded չեն, այլ՝ քիչ մը ռոմանտիկ։

Լուսանցքայնացման դատապարտուելու վտանգին տակ գտնուողներն է, որ Ապրիլին՝ իրենց համակարգիչներուն առջեւ նստած կամ իրենց խելախօսները ձեռքերնին հեւիհեւ կը հետեւէին Երեւանի փողոցներուն մէջ զարգացումներուն, աւելի քան՝ խորունկ գրպաններով հնարաւոր (պոտենցիալ) ներդրողները։