image

Վա՛յ մեզի, եթէ ազգային կուսակցութիւնները չքանան ուանցնին...

Վա՛յ մեզի, եթէ ազգային կուսակցութիւնները չքանան ուանցնին...

Սագօ  Արեան  կը  գրէ ՝

 

«Վերջին օրերուն մասնաւորապէս այս տարածքին վրայ (ֆէյսպուք) ատելութեան, մերժումի, ստորացման տարբեր մակարդակի խօսակցութիւններ եղան։ Թեման հայկական աւանդական կուսակցութիւններու վարմունքը, բայց մանաւանդ ՀՅԴ-ի վերջին կեցուածքներուն կապուած ցեխարձակումներն էին։ Ի դէպ նոր չէին այդ որակումները, որոնք ամէն առիթի, ամէն քաղաքական ելեւէջի ատեն ջուրի երես կ՚ելլէին, իրենց հետ այրելով թացն ու չորը, սխալն ու ճիշդը, աւանդական մօտեցումն ու արդիական դրուածքը, իրար խառնելով առիթն ու պատեհութիւնը, հաւաքական կեցուածքն ու հերոսական տառերով փորագրուած անցեալը։ 


Ամէն տեսակի բողոք հասկնալի է։ Կրնաս բողոքել անձի մը, կուսակցական առաջնորդի մը, պատգամաւորի մը, պատասխանատուի մը դէմ, բայց դուն քեզի իրաւունք մի տար ամբողջը մէկ ջուրով լուալու։


Այն մարդիկ, որոնք անտես կ՚առնեն, մէկդի կը նետեն եւ չտեսնելու կու տան, հայկական երեք աւանդական կուսակցութիւններուն անցած ճանապարհը, ընդգծուած ուղիները եւ արարքները առնուազն կոյր են, կամ ալ կամակատար։ 
Սփիւռքի մէջ ապրածս կեանքի ողջ տեւողութեան քանի-քանի անգամներ, տեսած, լսած ու ապրած եմ այն պահերը, երբ մարդիկ, իմ ծանօթ ու անծանօթներս ինչ երախտագիտութեամբ, ինչ յարագնքով եւ ինչ օրհնութեամբ կը խօսէին այդ օրերուն մեր թաղերը պաշտպանած տղոց մասին։ 


Այդ մարդոց մօտեցումը կուսակացականութիւն չէր, ոչ ալ ամէն օր մէկ-թելէն միւս թելը նետուող մարդոց եւ «ես յաղթողին հետ եմ միշտ» ճարպիկ ընկալումին արտայայտութիւնը։ 


Ես ոչ մէկ օր զգացած եմ, որ սփիւռքի մէջ կուսակացական պատկանելիութիւնը բռնազբօսիկ բան է։ Ոչ մէկ անգամ, նկատած եմ, որ մարդիկ շահերու եւ քաղաքական պայմաններու հետեւանքով է, որ կուսակցական կը դառնան։ 
Կուսակցութեան մը անդամ դառնալը, անոր գաղափարին զինուորագրուիլը, այդ գաղափարներուն յանուն պայքարիլն ու անգամ նահատակուիլը սփիւռքի տարբեր գաղութներու մէջ այսօր ալ հաւատամքի պէս բան է։ 


Ու վստահ եմ, որ Հայաստանի քաղաքացիներս շատ բան ունինք սորվելիք այդ հաւատարմութիւնէն։ 


Չմոռնանք, որ սերունդներ կերտած, հերոսներ հասցուցած եւ վրիժառուներ տուած այդ կուսակցութիւնները այսօր ալ ոտքի են ու վայ մեզի, եթէ անոնք չքանան ու անցնին... 


Մենք ամէն ինչ պէտք է ընենք, որ սփիւռքի այդ լաւ ոգին, գաղափարի շերտը աճի ու մեծնայ Հայաստանի մէջ, որպէսզի հոս ալ մարդիկ մէկ օրուայ կուսակցականներ չըլլան ու նաեւ չհիմնուին ու չաճին մարդ-կուսակցութիւններ, որոնց բերելիք վնասը միշտ աւելին եղած է քան մեր ենթադրածը։


Յ.Գ. Այս տողերը գրողը անկուսակցական է եւ միաժամանակ նոյն յարգանքը կը տածէ հայկական աւանդական երեք կուսակցութիւններուն հանդէպ»։