image

Անարդար արկածի մը արժանի չէիր (Քրիստափոր Օգնայեանի յիշատակին)

Անարդար արկածի մը արժանի  չէիր (Քրիստափոր Օգնայեանի   յիշատակին)

Յաճախ մեր կեանքի ընթացքին կը ծանօթանանք այնպիսի մարդոց, որոնք թէեւ գաղափարներով տարբեր կ'ըլլան, սակայն զգացումներով՝ սրտակից: Քրիստափորը այն ծանօթներէն էր: 

Մեր բարեկամութիւնը տեւեց միայն երկու տարի, սակայն երկու տարուան ընթացքին մեր բարեկամութիւնը եղաւ ու մնաց անկեղծ եւ սիրալիր: Նկատի ունենալով, որ ան գիտական եւ փիլիսոփայական ակնոցով հարցերը կը սիրէր դիտել, սակայն մեր արծարծելիք նիւթերը միշտ կ'ըլլային հաճելի: Քրիստափորին մէջ ամենէն նշմարելի բանը իր անհատական սկզբունքներուն նկատմամբ միշտ հաւատարիմ ըլլալն էր: Այն գաղափարներուն որ համաձայն չէր ըլլար. քաղցր ժպիտով մը կ'ըսէր. «Սիրելի՛ս, աւելի բացատրէ՛»: Չէր ուզեր վիրաւորել, չէր ուզեր մարդոց կարծիքները արժեզրկել, ինչպէս որ չէր ուզեր որ իր անձնական կարծիքները արժեզրկուին:
*
* *
Աղքատ ընտանիքները բարեկամներդ էին: Այն ինչ որ պիտի ընէիր ո՛չ մէկուն կ'արտայայտուէիր, սակայն լուռ ու մունջ կը գործէիր: 
Շատերու դէմքերուն ժպիտ գծեցիր, այդ իսկ պատճառով դէմքդ մնայուն կը ժպտար, ահաւասիկ այս նախադասութիւնը, որ ամենէն շատ կ'ազդէր քեզի դարձեալ ուզեցի ըսել:
Կը յիշեմ մեր վերջին խօսակցութիւնը, որ կ'ըսէիր. «Հայր Սուրբ, 7-8 հատ հարցեր պատրաստած եմ, որոնց մասին պէտք է զրուցենք... զրուցելու յարմար առիթը կը փնտռէինք, բայց առիթ չմնաց...: Ամէն բան իր աւարտին հասաւ: 
Թէեւ այս ծանր արկածին արժանի չէիր, բայց կեանքը այսպէս քեզի հրաժեշտ տուաւ: Միակ բանը, որ զիս մտահոգեց եւ տակաւին կը մտահոգէ, որ շատ չարչարուած չըլլաս ԸՆԿԵՐ:
Քեզ ճանչնալէս ետք միակ բանը, որ զիս կը մխիթարէ հետեւեալ աւետարանական համարն է. «Երանի՜ անոնց, որոնք սիրտով մաքուր են, որովհետեւ անոնք զԱստուած պիտի տեսնեն» (Մտ 5.8): Խունկ եւ աղօթք հոգիիդ: Աստուած հոգիդ լուսաւորէ եւ լոյս խորաններու մէջ հանգչիս զրուցակից ԸՆԿԵՐ:

 

Հայր  Աւետիք աբղ. Տէր Կարապետեան