image

Հայ ընկերվար-յեղափոխականի մը յիշատակներէն. Ս.Տէկիրմէնճեան

Հայ ընկերվար-յեղափոխականի մը յիշատակներէն.  Ս.Տէկիրմէնճեան

Ատոմ, բուն անունով՝ Յարութիւն Շահրիկեան: Իրաւաբան Շահրիկեան իր պողպատեայ տրամաբանութիւնով ծանօթ էր բոլորին:

Օսմանեան սահմանադրութեան ժամանակները Պոլիսի հանրային կեանքի մէջ ստեղծած էր խանդավար աղմուկ մը երբ Պոլսոյ Հայ պահպանողականները Ազգային երեսփոխանական ժողովէն ներս դաշինք մը կազմած էին այլակարծիք ըլլալով Դաշնակցութեան կարգ մը տեսակէտներու շուրջ:

Շահրիկեան բուռն եւ փոթորկոտ պայքար կը մղեր բարեփոխումներ կատարելու նպատակով Ազգային Սահմանադրութեան մէջ, պաշտպանելով այն տեսակէտը որ կղերականներու իրաւասութիւնները պիտի կրճատուեր ի յօգուտ աշխարհիկներուն:

Շահրիկեան աչքի առաջ ընկած էր իր յատուկ յօդուածներով «Ազատամարտ» շաբաթաթերթի մէջ, անոնցմէ մէկը որ սուր պայքարի մէջ մտած էր երիտ-թիւրքերու հետ՝ իրենցմէ պահանջելով պետական օրէնքի արդար, հաւասար եւ անսակարկ գործադրումը կայսրութեան սահմաններէն ներս գտնուող բոլոր ազգային կամ կրօնական փոքրամասնութիւններու տարրերու հանդէպ: Իսկ այլ յօդուածներով անդրադառձած էր Հայ-թրքական յարաբերութիւններու մասին՝ հաւատալով Տաճկահայաաստանի մէջ հնարաւոր էր գործադրել ընկերվար-ժողովրդավար (Social Democratic) քաղաքական յառաջադէմ ծրագիրը, իսկ այս պահով լուրջ բանավէճի մտած էր այլ Դաշնակցական՝ Ռուբէն Դարբինեանի հետ: Դաշնակցութեան բազմաթիւ թերթերու մէջ ունէր աշխատակցութեան իր բաժինը՝ Նինի, Վաղինակ եւ Ատոմ ծածկանուններով (այս վերջինը՝ իր զաւակին անունով): Ազգային երեսփոխան ընտրուած է Սկիւտարէն։

Ժամանակ մը երիտ-թիւրքերու կողմէ հրաւիրուած էր մաս կազմելու պետական խորհուրդի որպէս անդամ բայց կտրուկ մերժած է:

Նոյն Շահրիկեանը Հ.Յ.Դաշնակցութեան Բիւրոյի կողմէ լիազորուած էր նշանակել Խանասորի Արշաւանքի հրամանատարութեան կազմը:
1915 Ապրիլ 24ին, որպէս մտաւորական ձերբակալուելով ան կը սպաննուի թիւրք ցեղասպաններու կողմէ:

Շահրիկեան իր ազգային-քաղաքական դիմագիծը աւելի տպաւորիչ է նաեւ իր երկերով՝ «Պետական նորոգութիւնն ու Հողային հարցը», «Մեր Հաւատամքը», «Ազգային Սահմանադրութիւնը», «Բարեկարգումներու հարցը», «Օսմանեան Կայսրութեան անկման պատմութիւնը», «Ամուսնական Խնդիրը»։ Նաեւ կար գիրք «Ապազգայնացումը», արդէն փճացուած:

Նայելով Շահրիկեանի անցած քաղաքական գիծը երբէք հին մօտեցումներով չեն եղած այլ միշտ այժմէական քանի իր օրուայ մատնանշած խնդիրները առկայ են նաեւ այսօր բայց տարբեր քաղաքական նրբութիւններու առնչութեամբ թէ՛ արտաքին եւ թէ՛ ներքին եզրերով:

Իր նշանաւոր բայց նաեւ արդիական խօսքերէն՝

«Երբեք անհատները չեն կրցեր ժողովուրդները քաշել իրենց ետեւէն, չէ ստեղծուած ո՛չ մէկ յեղաշրջում, եթէ անոնց պատկանած ժողովուրդներու ձգտումներէն, հոգեբանութենէն չեն արտադրուած, հետեւորդներ չեն ունեցած, բանակներ չեն կազմուած: Այդ պատճառով է որ կ՚ապրին ա՛յն ժողովուրդները, որոնք անցեալի հպարտութիւն ունին, ներկային պինդ փարած են իրենց ստեղծագործութիւններով ու իտէալներով, եւ որոնք իրաւամբ վստահաբար կը նային ապագային»:

Ս.Տէկիրմէնճեան

Սթոքհոլմ
16-09-2018