image

Զաւէն խըտըշեանի յիշատակը անմոռաց դարձնել . Դոկտ. Արա Սանճեան

Զաւէն  խըտըշեանի   յիշատակը  անմոռաց դարձնել . Դոկտ.  Արա   Սանճեան

Մահացեր է լիբանանահայ մշակոյթի ամենաականաւոր դէմքերէն մէկը՝ քանդակագործ Զաւէն Խըտըշեանը։ Վերջին տարիներուն՝ յառաջացած տարիքի բերումով, իր առողջական վիճակը կը նահանջէր։ Մի քանի ամիս առաջ՝ Լիբանան կատարած վերջին այցելութեանս ժամանակ, իր մտերիմներէն իմացայ թէ զինք փոխադրած էին ծերանոց-հիւանդանոց մը։ Միայն Պիքֆայայի մէջ կանգած իր քանդակած Եղեռնի նահատակներուն յիշատակը յաւերժացնող յուշարձանն առանձին բաւարար պէտք է ըլլայ զինք անմոռաց դարձնելու լիբանանահայերուն եւ յուսով եմ այլոց համար եւս։