image

Սիրելի Անժելա, բարի հոգիդ եւ ժպտուն դէմքդ պիտի չմոռնանք...

Սիրելի Անժելա, բարի հոգիդ եւ ժպտուն դէմքդ պիտի չմոռնանք...

Լիբանանի «Նոր Սերունդ» Մշակութային Միութիւնը սրտի խոր ցաւով կը գուժէ «ԱՐԵԳ» պարախումբի իր անդամուհիներէն՝ Մարիա Անժէլա Թոսունեանի վաղաժամ մահը, որ ցնցեց իր ընկերուհիները, վարչութիւնն ու «Արեգ»ականները։

Բոլորին անունով կը սգանք կորուստը եւ մեր ցաւակցութիւնները կը յայտնենք ծնողքին՝ Տէր եւ Տիկ Վիգէն եւ Մարիա Թոսունեաններուն, եղբօրը՝ Կարէնին եւ հօրեղբօր ընտանիքին՝
Տէր եւ Տիկ Պերճ և Քրիսթինա Թոսունեաններուն։ 
Բարի հոգիդ եւ ժպտուն դէմքդ պիտի չմոռնանք սիրելի Անժելա։
Աստուած մխիթարէ բոլորս։

 

 

 Անի  Եփրեմեան-Սարաֆեան