image

Վանան եւ ես. Մանուէլ Քէշիշեան

Վանան եւ ես. Մանուէլ Քէշիշեան

Մի քանի օր առաջ ես Վանայ Եագուպեանը չէի ճանչնար: Մենք իրար ծանօթ չէինք:
Երկու օրեր առաջ Վանային անունը գումարուեցաւ Խանասէրի՝ «մահուան ճանապարհ»ի զոհերու երկար ցանկին:
Եւ սկիզբ առաւ իմ եւ Վանայի ծանօթութութիւնը...
Գոյժը նախ եկաւ Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարանի Շրջանաւարտից Միութենէն, ու ես տեղեկացայ որ այս դարբնոցը կորսնցուցած է իր դարբնած լաւագոյն ատաղձներէն մին:
Ու երկարօրէն դիտեցի ժպտուն դէմքը 18 ամեայ այս պարմանուհիին, որ իր տքնաջան աշխատանքին շնորհիւ գալիք ուսումնական տարեշրջանին պիտի դառնար Բժշկական համալսարանի ուսանողուհի եւ... ափսոսանք զգացի... 
Յետոյ իմացայ որ ան հարիւրամեայ Հ.Մ.Ը.Մ.ի լաւագոյն պասքէթպոլիստուհիներէն մին է եւ աւելի տխրեցայ՝ խոր ցաւ զգալով չքնաղ այս հայուհիին կորուստին համար: 
Յետոյ իմացայ, որ ան ՍԵՄի անդամ է, այսինքն ազգին ծառայելու պատրաստ պարմանուհի:
Յետոյ կարդացի իր ընկերներուն դիմատետրային գրառումները ու գիտցայ, որ անոնք Վանան շատ կը սիրեն, շա՜տ-շա՛տ:
Յետոյ կարդացի Դամբանականը Վանային ուղուած, որ կարծես ողջ աղջկայ մը մասին էր: 
Ու աչքերս սեւեռած պահեցի Վանայի դէմքին վրայ եւ ... 
Եւ ամբողջ երկու օր՝ Վանայի հետ ծանօթութեանս սկիզբ առած վայրկեանէն մինչեւ հիմա Վանան առքերուս առջեւն է, կը նայի աչքերուս մէջ: երբ ան աչքերուս առջեւ չէ ապա անպայման մտապատկերիս մէջն է ան՝ Վանան՝ մեր բոլորին հարազատ Վանան, որուն ծնողներուն, հարազատներուն, ընկերներուն, ուսուցիչներուն բոլոր ծանօթներուն հետ հիմա կը կսկծայ սիրտս ու Վանային բացակայութիւնը կը վերածուի մեծ կորուստի պատճառած ահագնացող ցաւին ու ես, լուռ, կը մօտենամ բոլորին մէկ առ մէկ ու կը սեղմեմ իւրաքանչիւրին ձեռքը եւ կը քաշուիմ մէկդի ըսելու համար Վանային.
-Վանա՛յ, սիրելի՛, հարազա՛տ, թանկագի՛ն Վանայ քեզ բոլորս կորսնցուցինք՝ բոլորս անխտիր: