image

Այսօր մեր կրթական մարզէն ներս բալասանի նման կարիքը ունինք Օրդ. Ալիս Գաթրճեաններուն. Մաթիկ Էպլիղաթեան

Այսօր մեր կրթական մարզէն ներս բալասանի նման կարիքը ունինք Օրդ. Ալիս Գաթրճեաններուն. Մաթիկ Էպլիղաթեան

Օրինակելի կրթական մշակ եւ դաստիարակ՝ օրդ. Ալիս Գաթրճեանը 


Մայրենի Լեզուի դասապահն է հիմա, Քարէն Եփփէ Ազգային Ճեմարան, Օրդ. Գաթրճեանը կ'ընթերցէ անմահ Համաստեղի «Երնէկ այն օրերուն» ու կը հասնի այն պահուն, ուր Մնուշն ու Մխսին իրարու գիրկ կիյնան ու մանուկի պէս կուլան աքսորի ճանապարհին: Ուսուցչուհիին ձայնին մէջ յուզում կայ, ան ապրումով կը կատարէ իր վեհ առաքելութիւնը:

Այս առաւօտ Օրդ Ալիսին մահուան գոյժը ետ դարձ մը կատարեց յիսուն տարիներ, 1969-ի վերամուտ երբ մենք իր առաջին աշակերտները եղանք Ճեմարանի մէջ: Նախապէս շուրջ տասնըհինգ տարիներ ան դասաւանդած էր Ազգ. Սահակեան վարժարանէն ներս: Օրդ. Գաթրճեանը ոչ միայն լոկ դասատու էր այլ դաստիարակ, անոր համար մեր վարքն ու բարքը եւ բարոյեական ըմբռնումները սկզբունք էին, մեր տղայական չարաճիճիութիւններուն համար կը յարգէր մեր զգացումները, չէր հանդիմանէր դասընկերներուն ներկայութեան, ապա կ'առանձնանար իւրաքանչիւրիս հետ զբօսանքին, իր հանգիստի պահուն, մայրական խրատները եւ յորդորները փոխանձելու:

Լսած եմ որ նոյն մտահոգութիւնը ունէր ուսուցչարանէն ներս իր պաշտօնակիցներուն կրթական մշակի անպատշաճ հագուածքին կամ կենցաղին նկատմամբ, ոմանք «հին սերունդ»ի մտայնութիւն կ'անուանէին այս հայավայել եւ առաքինի նկարագիրը: Այսօր մեր կրթական մարզէն ներս բալասանի նման կարիքը ունինք Օրդ. Ալիս Գաթրճեաններուն:

ՅԱՐԳԱՆՔ ԻՐ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ