image

Մայրս եւ հայրս վստահաբար շատ հպարտ պիտի ըլլային քեզմով. Բժիշկ Ռաֆֆի Պետիկեան

Մայրս եւ հայրս վստահաբար շատ հպարտ պիտի ըլլային քեզմով. Բժիշկ Ռաֆֆի Պետիկեան

Մայրս եւ հայրս վստահաբար շատ հպարտ պիտի ըլլային քեզմով, ինչպէս, որ շատ Մելգոնեանցիներ եւ ազնիւ, ազգասէր հայեր: Յուսանք Պետրոս Թերզեանի նման փայլուն անձնաւորութեան մը ղեկավարութեամբ, կարելի պիտի ըլլայ Հայաստան համահայկական հիմնադրամի նման կարեւոր կառոյց մը ամբողջութեամբ ձերբազատել աւազակապետական «կոռումբացուած» պետական վարչամեքենայէն:

Ինչու նաեւ ներդրում չընել սփիւռքի կառոյցներու, մանաւանդ հայ դպրոցի, երիտասարդական - կրթական ծրագիրներու վրայ:  Օրինակ Մելգոնեան կրթական հաստատութեան վերաբացումը հիմնադրամի նախաձեռնութեամբ, ուր պատրաստուին արեւմտահայերէնի ուսուցիչներ, նաեւ Միջին Արեւելքի վտանգուած գաղութներու զաւակները կարենան այնտեղ հայեցի դաստիարակութիւն ստանալ: