image

Անկեղծօրէն չեմ գիտեր նախ Եկեղեցի՞ն, թէ՞ Վերապատուելին շնորհաւորեմ. Մանուէլ Քէշիշեան

Անկեղծօրէն չեմ գիտեր նախ Եկեղեցի՞ն, թէ՞ Վերապատուելին շնորհաւորեմ. Մանուէլ Քէշիշեան

Հաղորդագրութենէ մը տեղեկացայ որ, Փասատինայի Հայ Աւետարանական Առաջին Եկեղեցին իրեն գլխաւոր հովիւ ընտրած է Վերապատուելի Սերոբ Մկրտիչեանը: 
կը շնորհաւորեմ ...
Անկեղծօրէն չեմ գիտեր նախ Եկեղեցի՞ն, թէ՞ Վերապատուելին շնորհաւորեմ: Ընդունուած կարգի համաձայն պէտք է շնորհաւորեմ Վերապատուելին, սակայն...

Քեսապ ծնած Վերապատուելի Սերոբ Մկրտիչեանը 1997-էն 2015 եղած է Հալէպի Էմմանուէլ Մայր Եկեղեցւոյ հովիւը: 
Զինք ճանչցած եմ որպէս մարդ, եւ համոզում գոյացուցած եմ որ ան ՄԱՐԴ է բառիս բուն առումով:
Զինք ճանչցած եմ որպէս հովիւ, եւ համոզում գոյացուցած եմ որ ան հեռատես, քաջ եւ հօտին նուիրեալ հովիւ է, ամէնէն անբասիրը Հալէպի կրօնականներուն:
Զինք ճանչցած եմ որպէս հայ, եւ համոզում գոյացուցած եմ որ ազգին նուիրեալ առաջնորդ մըն է:
Հետեւաբար սրտանց կը շնորհաւորեմ նորընտիր հովիւն ու եկեղեցին միաժամանակ:
Յաջողութեան ամենաջերմ մաղթանքներս: