image
Հրատապ լուրեր:

Հալէպահայ ընտանիքի մը յաջողութեան պատմութիւնը, Հալէպէն դէպի Երեւան

Հալէպահայ ընտանիքի մը յաջողութեան պատմութիւնը, Հալէպէն դէպի Երեւան

Հալէպահայ հասարակական գործիչ Հրայր Ակիլեան կը գրէ՝

«Պատերազմին երկորդ տարին Թաթոյեանները որոշեցին հայրենիք տեղափոխուիլ, Հալէպի վիճակը օրս օրէ վատթարանալով դժոխային իրավիճակ սկսեր էր տիրապետել, ամէն կողմ ռմբակոծում, ամէն թաղ վտանգ, մահուան ուրուականը պտոյտի մէջ էր հոն.....

Վարդանը իր տիկնոջ Նելլիին եւ զաւակին ընկերակցութեամբ հասան Երեւան, իրենց նոր կեանք մը կը սպասէր հոն, նոր արեւ, նոր լոյս եւ նոր յոյսեր:

Վարդանը՝ արհեստով նկարիչ էր, ինքնավստահ էր իր մասնագիտութենէն, իր վարպետութենէն եւ ձիրքէն. Պահ մը ինքն ալ ուրիշ հալէպահայերու նման Եւրոպայի ճամբան բռնել ուզեց, բայց իր տիկնոջ վստահ եւ յամառ պահանջքին ընդառաջելով, հայրենիքի մէջ մնալով իր անձնական գործը սկսաւ, ու Նելլիին հետ ձեռք ձեռքի տալով տքնաջան աշխատանքի լծուեցան, գիշերն ու ցերեկը իրար խառնելով, հոգնութեան չյանձնուելով, Վարդանը կը նկարէր, իսկ տիկինը «մոնթաժի» մասնագիտութեամբը ճաշակաւոր եւ իւրայատուկ վերջ մը կը դնէր այդ ստեղծագործութիւններուն. Պսակադրութիւն, հարսանիք, կնունք եւ այլ առիթներուն իրենց «քամերա»ին ներկայութիւնը, Երեւանի մէջ անհրաժեշտութիւն մը եղաւ:

Այդ յաղթական գործընթացին ամէնէն թանկագին պտուղը, երէկ՝ օգոստոսի մէկին, ԵՌԱՆԱՒ ՍՊԸ-ի կառուցած Ֆուչիքի փողոցի վրայի շէնքին մէջ, իրենց բնակարանին պայմանագիրը ստորագրելը եղաւ, անոնք հիմը դրին իրենց ընտանեկան տաքուկ օճախին, եւ ամէն մէկ կոպեկը հայրենի հողին վրայ շահելով, տէրը եղան իրենց անձնական բնակարանին:

Շնորհաւոր ըլլայ Վարդան եւ Նելլի Թաթոյեաններուն»: