image

Ոչ եւս է բարերար Արմէն Յարութիւնեան

Ոչ եւս է բարերար Արմէն Յարութիւնեան

Գիտէինք որ Ֆիզիքապէս շատ տկարացեր էր այլեւս ու գրեթէ անկողնոյ կը ծառայէր։ Ճիշդ այդ պատճառով ալ, անցեալ տարուան աշնան (2017), երբ Հայաստանի պետութեան կողմէ արժանի նկատուեր էր «Մովսէս Խորենացի» շքանշանին, Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանը ի՛նք այցելեր էր մեծարեալին Պէյրութի բնակարանը ու անձամբ յանձներ էր անոր պետութեան պարգեւը։

Արմէն Յարութիւնեան, այդ օր, շնորհակալական իր խօսքին մէջ յիշած էր Վահան Թէքէեանն ու անոր նշանաւոր տողերը.

Հաշուեյարդար. ի՞նչ մնաց, կեանքէն ինծի ի՞նչ մնաց.
Ինչ որ տուի ուրիշին, տարօրինա՜կ, ա՛յն միայն.

Այս առաւօտ ցաւով լսեցինք, որ առջի օր (Չորեքշաբթի, 25 Յուլիս 2018), բեղմնաւոր ու լեցո՛ւն կեանքի մը հետ իր բոլո՜ր «հաշուեյարդար»ները կատարելէ ետք՝ մեզմէ առյաւէտ բաժնուեր էր Արմէն Յարութիւնեանն ալ։
Յարութիւնեան բարերար մըն էր, որ ինծի շարունակ կը յիշեցնէր մեծանուն Ալեք Մանուկեանը։ Այլ խօսքով, բարերար մըն էր ան, որ դրամական իր մեծղի յատկացումներուն մէջ մի՛շտ առաջնային տեղ կու տար կրթական ու հրատարակչական ծրագիրներու։ Դեռ քանի մը տարի առաջ, 2013-ի վերջերը, ան շշմեցուցեր էր շատերը՝ երբ 250.000 տոլարի իշխանական նուիրատուութիւն մը կատարեր էր Պէյրութի Հայկազեան Համալսարանին, անոր երդիքին տակ հիմնելով հայ համալսարանական ուսանողներու յատուկ անձեռնմխելի Ֆոնտ մը։
Բարերարի գնահատելի իր միւս երեսը՝ գրասէր ու հայ գիրքի ջատագով մարդու իր դիմագծութիւնն էր։ Իսկապէս, գիրի ու մշակոյթի «խենթ» մըն էր Արմէն Յարութիւնեան, որուն սեղանին վրայէն անպակաս էին հայերէն գիրքերն ու թերթերը։ Զանոնք կը կարդար ուշի-ուշով, յետոյ՝ իր բարեկամներուն կամ այցելուներուն հետ քննարկումի առարկայ կը դարձնէր անոնց բովանդակութիւնը, մեկնաբանութիւններ կը կատարէր։ Յայտնի էր, որ գիրքի սէրն ու ընթերցանութեան ունակութիւնը պատանի տարիքէն բոյն դրեր էին իր մէջ։ Եւ շուրջ յիսուն տարի առաջ, Սիմոն Սիմոնեանի «Սփիւռք» շաբաթաթերթին հետ գործակցաբար՝ յանձն առեր էր հայերէն գիրքերու մեկենասութիւնն ստանձնելու պատիւը…։ 
Իր մեկենասութեամբ լոյս ընծայուած են 60-ի չափ այլաբնոյթ գիրքեր։
Անյագ ընթերցող մը ըլլալով՝ հետզհետէ տիրապետեր էր գրելու շնորհին ալ ու 1996-էն սկսեալ՝ լիբանանահայ մամուլի էջերուն սկսեր էր յանձնել «Նամակներ» խորագրեալ իր շատ սիրուն յօդուածները, լի՝ դիպուկ մատնանշումներով ու ազգային մարմիններու ուղղեալ սլաքներով…։ Ժողովրդականութիւն վայելող սրտախօսիկ գրութիւններ էին ասոնք, իրեն յատուկ գրական ոճով մը համեմուած ու հիւմըրով թաթաւուն, որոնք յետոյ հրատարակուեցան երեք անջատ հատորներով ալ։
Դեռ շատ երկար կարելի է խօսիլ իր անձին, իր կեանքի ուղիին, իր բարերարութիւններուն եւ իր ազգային ծառայութիւններուն մասին, որոնք կ՛երկարին Հալէպէն մինչեւ Պէյրութ ու Հայաստան։ Հաւանաբար առիթ ունենանք անդրադառնալու ատոնց, հետագային։ 
Առայժմ, արագօրէն ըսենք միայն, որ Արմէն Յարութիւնեան ծնած էր Հալէպ, 1930-ին։ Յաճախած էր Կրթասիրաց վարժարան եւ Ալէփփօ Գոլէճ։ 1961-ին վերջնականապէս հաստատուած էր Պէյրութ, ուր հիմնած էր իր սեփական առեւտրական ծաւալուն գործը՝ գեղագիտական պիտոյքներու եւ շպարումի դեղերու (գոզմեթիք) հաստատութիւնը։ Երկար տարիներ ծառայած էր Հայ Եկեղեցւոյ՝ սարկաւագի աստիճանով։ Միութենական գործունէութիւն ծաւալած էր Հ.Բ.Ը.Մ.ի շրջանակին, բայց նաեւ՝ Այնթապի Հայրենակցական Միութեան մէջ, որուն գլխաւոր սիւներէն մին մնաց մինչեւ վերջ։ Յարգուած բարերարներէն էր Ս. Էջմիածնայ, եւ Վազգէն Ա. կաթողիկոս 1991-ին զինք պատուած էր Ս. Գր. Լուսաւորիչ շքանշանով։
Օրինակելի կեանք մը, որ կրնայ ուղեցոյց ծառայել շատերու։
Հանգի՜ստ՝ իր վաստակաբեկ ոսկորներուն։

 

Լ. ՇԱՌՈՅԵԱՆ (Հալէպ)

Նկարը.- Արմէն Յարութիւնեան եւ Լիբանանի մօտ Հայաստանի դեսպանը (2017, իր պարգեւատրումի օրը)։