image

90-ամեայ այս լաւատեսը...

90-ամեայ այս լաւատեսը...

Մանուէլ Քէշիշեան

Երբեմն նաեւ կը նեղուիս այս մարդէն՝ 90 տաեկան այս գրողէն, կը ջղայնանաս որ անտեղի կը խօսի, բայց չէ՞ որ այս «անտեղի» խօսքը ճշմարտութիւնն է, եւ արդէն նեղութիւն պատճառողն ալ այդ ճիշդն է, որուն համար շնորհակալ կ'ըլլաս քիչ ետք: Արդէն այս իննսուն ամեայ գրողին գլխաւոր յատկանիշը ճիշդը ըսելն է, անմիջականօրէն ըսուած ճիշդը՝ գրաւոր կամ բերանացի: 


Երբեմն կը բարկանայ, կը կարմրի բարկութենէն սակայն այդ բարկութեան մէջ ատելութեան ո՛չ մէկ նշոյլ կրնաս գտնել: Բարկացած ժամանակ իսկ սէրն է որ կ'արտացոլայ հանդէպ անոր, որուն վրայ բարկացած է: 


Հպարտ է իր հայութեամբ, հպարտ է մարդկութեամբ, ան կ'արհամարհէ զէնքը, կ'արհամարհէ ոճրագործը եւ ինկող ռումբերը դիտելով երկինքին մէջ ծիածան կը տեսնէ: 


Հպարտ է իր գիրքերով, նոյնքան հպարտ է նաեւ իր հրատարակած այլ գրողներու գիրքերով. կը սիրէ գիրքը ընդհանրապէս ուստի եւ բնական է, որ հարիւրաւոր գիրքեր գրախօսած ըլլայ եւ այդ բոլորին մէջ լաւը գտած եւ լա՛ւը արտացոլած եւ այդ լաւը ծանօթացուցած ընթերցողին:


Եզակի է Այս գրողը, եզակի՝ իր գիտելիքներով, եզակի՝ իր յիշողութեամբ, եզակի՝ իր անաչառութեամբ, եզակի իր անոխակալութեամբ, եզակի իր ԱՆՈՒՂՂԱՅ ԼԱՒԱՏԵՍՈՒԹԵԱՄԲ. կարդացէք իր յուշերը.- Հոն միայն լաւը պիտի գտնէք:


Կեանքին սիրահար է այս գրողը, սիրահար է հայուն սիրահար՝ մարդու: Ամէնէն շատ Հալէպցի է այս գրողը, ամէնէն շատ՝ Պէյրութցի, ամէնէն շատ Պոլսեցի ալ, ամէնէն շատ՝ Հայաստանցի...

90 տարեկան պատանի-տարեց ԹՈՐՈՍ ԹՈՐԱՆԵԱՆ.- Օրհնեալ է ծնունդդ:

Բարի տարեդարձ: