image

Ապրի՛ք Հալէպահայ աղջիկներ. Մանուէլ Քէշիշեան

Ապրի՛ք  Հալէպահայ աղջիկներ. Մանուէլ  Քէշիշեան

Այս նկարին մէջ ժպտացող մինչեւ 16 տարեկան աղջիկները անցեալ շաբաթ տիրացան Սուրիոյ Մարզական Ֆէտէրասիոնի պասքէթպոլի բաժակին, որ համազօր է տարիքով աւելի մեծերու Երկրի նախագահի բաժակին:

Քիչ է ըսել կը շնորհաւորենք այս աղջիկները, որոնք Լաթաքիա վեցօրեայ մրցումներուն իրենց հետ տարած էին նաեւ դասագիրքեր՝ պատրաստուելու քննութիւններուն, անոնց մէջ կան պրովէ եւ պաքալորիա դասարանցիներ:

Այս աղջիկները յաղթեցին շնորհիւ իրենց կազմակերպուածութեան, կարգապահութեան, աշխատասիրութեան, անոնց մարզական բարձր ոգի ունենալնուն մասին կը վկայեն իրենց մրցակիցները:

-Որո՞նք են այս աղջիկները:

-Հալէպցի հայ աղջիկներ են անոնք, որոնք հասակ առին տագնապի տարիներուն, բուռ մը հայ մնացած քաղաքի զաւակներն են անոնք, որոնք դրսեւորեցին աննկուն կամք, աներեւակայելի հարատեւութիւն եւ յաղթելու անհատական ու հաւաքական տիտանական ճիգ:

Ապրի՛ք Հալէպահայ աղջիկներ: