image

Հալէպահայ մօր մը նամակը իր զոհուած տղուն

Հալէպահայ մօր մը նամակը իր զոհուած տղուն

Յակո՛բ,

Իմ անգի՛ն զաւակս, այսօր քու տարեդարձդ եւ անուանակոչութիւնդ կը տօնեմ խունկ ու մոմ վառելով քու շիրիմիդ վրայ:

Չորս տարի առաջ որոշած էի ծննդեանդ 25 ամեակը փառաւոր շուքով տօնել: Գէթ րոպէ մը հոգիդ ուրախացնելու՝ մեծ տառապանքիդ դիմաց, որուն դիմադրեցիր կեանքիդ վերջին չորս տարիներուն:

Բայց աւա՜ղ, չկրցայ:

Հողը խլեց քեզ:

Տղա՛ս,

Կը ցաւիմ քու աննման էութիւնդ, արժէքներդ եւ գիտակցութիւնդ քեզ հետ տանելուդ համար, բայց կը խոստովանիմ թէ այդ ամէնը միայն պարծանք թողեցին ինծի, եւ՝ անմար յիշատակդ վառ պիտի պահեն քեզ սիրողներուն հոգիներուն մէջ:

Քեզ անվերջ սիրող՝ մայրդ

 

Պայծիկ Տէր Ղազարեան