image

Բարի տարեվերջ Հայ ժողովուրդ.Հրայր Ակիլեան

Բարի տարեվերջ Հայ ժողովուրդ.Հրայր  Ակիլեան

Դարձեալ եկաւ նոր տարին,

ո՞ւրկէ բերեմ մանտարին,

հազիւ հացի դրամ ունիմ,
ուրիշը՝ 
Ատիսին հետ կը տօնէ նոր տարին:

Երկիր չէ Հայաստանը,
հոսկէ լաւ է Հնդկաստանը
պարապ-սարապ պտըտելով,
Կ'երազեն բուրաստանը:

Օգնութիւն կայ՞ այս ամիս,
իւղ, կարագ, շաքար եւ միս,
ակռայի դեղն ալ չմոռնաս,
քթին տակէն կը խնդայ փիս-փիս:

Է՜հ ինչ ընենք հայրենակից,
այս է երկիրը չտանք մենք կից,
իրարու ձեռք բռնելով մենք,
ըլլանք բոլորին ժամանակակից:

Դարձեալ եկաւ նոր տարին,
ո՞ւրկէ բերեմ մանտարին,
հազիւ հացի դրամ ունիմ,
ուրիշը՝ 
Ատիսին, Կարոյին, Գօգոյին, Ճորճիկին, Յովսէփին...
հետ կը տօնէ  իր Նոր տարին:

Կը ներէ՛ք, «Նուռ պէնտ»ն ալ մոռցայ:

Բարի տարեվերջ Հայ ժողովուրդ:

 

 Գրեց ՝ Հրայր Ակիլեանը