image
Հրատապ լուրեր:

Երբ թաղերը դիմագիծ կը փոխեն... Լեւոն Շառոյեան

Երբ  թաղերը  դիմագիծ  կը փոխեն... Լեւոն Շառոյեան

Երկա՜ր ատենէ ի վեր չէի անցած Թիլէլէն։

Թիլէլը Հալէպի կեդրոնական պողոտաներէն մին է, նաեւ՝ կեդրոնական շուկան։

Անիկա սկիզբ կ՛առնէ Խանտաք պողոտային մէկ ծայրէն (Պապ Էլ Ֆարաճի հրապարակը մեր դիմացն է) եւ ուղիղ գիծով կը շարունակուի մինչեւ նախկին «Հրշէջներու պողոտայ»ին մուտքը։

Հինէն իվեր՝ մեղուի փեթակի մը նմանցուցեր եմ Թիլէլը։ Մի՛շտ խճողուած, կողմնակի թաղամասերէ հոն խուժող ու հոնկէ դուրս թափող մարդկային բազմութիւններու անվերջանալի հոսքով, մի՛շտ լուսաւոր ցուցափեղկերով, այդ ցուցափեղկերէն յորդող այլաբնոյթ ապրանքատեսակներով…։

Թիլէլը մեզի՝ հայերուս համար ալ, սրտամօտիկ վայր մըն էր։ Բազմատասնեակ հայապատկան խանութներ ու վաճառատեղիներ իւրայատուկ բոյր մը, մասնաւոր գոյն մը կու տային Թիլէլին։ «Հոգետուն»ը, առանձինն, հնադարեան հայկական ներկայութեան մը զօրաւոր փաստն էր արդէն։ Հայկազեան վարժարանի փոխադրակառքերը ամէն օր Թիլէ՛լը պէտք է ճեղքէին՝ Ֆարհաթ հրապարակ մտնելու ու նոյնանուն նշանաւոր արձանին կից «բեռնաթափելու» իրենց հարիւրաւոր մատղաշ աշակերտները…։ Քիչ մը անդին, աշակերտներու ա՛յլ երամակներ կ՛ուղղուէին դէպի Կիլիկեան վարժարան՝ Հարթ Սիսի…: Դեռ կար, Թիլէլի պորտին վրայ, Հ.Մ.Ը.Մ.ի երբեմնի ակումբը՝ իր «Քրիստափոր» գրադարանով եւ աշխոյժ ելումուտով։

Հիմա, բա՜ն չէ մնացեր այս բոլորէն…։

Պատերազմը փոխեր է դիմագիծը Թիլէլին։

Երէկ, հետիոտն ու «քայլամոլոր» անցայ Թիլէլի պողոտայէն՝ ի զուր փնտռելով հայկական ցուցանակ մը ու հայապատկան խանութ մը, կամ ի զուր լարելով իմ ականջները՝ հայերէն բառ մը, խօսք մը ընկալելու փափաքով։ Չկայ։

Թիլէլը այլեւս (ու դժբախտաբար՝ անվերադարձօրէն) կորսնցուցեր է զինք հայաշունչ դարձնող բոլո՜ր տարրերը։

Ա՛լ չկայ Հայկազեան փառաւոր վարժարանը, փակ է Հ.Մ.Ը.Մ.ի ակումբը, հայկական ներկայութիւնը Թիլէլի պողոտային վրայ դարձեր է գրեթէ անգոյ։

Եթէ նկատի առնենք լոկ Թիլէլի  առաջին  հատուածը (Խանտաքի ծայրէն մինչեւ Ֆարհաթ հրապարակի մուտքը), մեր յիշողութեան թափ տալով՝ պիտի կարենանք յիշել բազմաթիւ հայ խանութներ կամ աշխատավայրեր.- Ակնոցավաճառ Ցոլակ, բժ. Պարգեւ Անտոնեան, ակնաբոյժ Յարութ Պալեան, դեղարան Արշալոյս, Վարդան Փայասլեան, Քէօշկէրեաններ եւ այլն, եւ այլն։

Մնացեալը դո՛ւք շարունակեցէք։

Կային ու չկան…


Լ. ՇԱՌՈՅԵԱՆ


Լուսանկարը.- Դիմացը՝ ճակատի աջակողմեան պողոտան, Խանտաքի ծայրէն մեզ կ՛առաջնորդէ Թիլէլ։