image
Հրատապ լուրեր:

Եղար հաւատարիմ հայ ընտանիքի սրբութիւններուն. Մարի Կարոյեանի յիշատակին

Որպէս վաղեմի բարեկամ Գարայակոբեան ընտանիքին,  ցաւով իմացայ Մարիին մահուան մասին« կարդալով «Արարատ»ի մէջ դրուած մահազդը:

Սիրելի Վիքթորիա,  մօրդ նուէր գրած տողերդ շատ ճիշդ ձեւով կը ներկայացնեն մօրդ խառնուածքը, երբ կ’ըսես:

«Փետուրի նման մեղմ,  մոմի նման    հեռացար մեզմէ ստեղծելով տիեզերական դատարկութիւնը»:

Կորուստիդ ծաւալին չափ երախտապարտ,  աննախատեսելի ճակատագրի վիշտերուդ ցաւով, միասնական հրաշալի երջանիկ պահերու յիշատակներով մենք պիտի շարունակենք մեր կեանքի ճամբան:

Ըսուած է միշտ՝  մահը իր ճամբով ու կեանքը իր ճամբով պիտի ընթանայ:

Սակայն բոլոր բաժանումներուն ահաւորը մահուան պատճառած ցաւն է, ոչ ոք կրնայ մէկ օրէն միւսը թօթափել իր հոգիին մէջ ծանրացող վիշտը այնքան ատեն որ կ’ապրի: Նամանաւանդ մօր մը կորուստին ցաւը:

Անոր դառն բացակայութեան պիտի կարծենք լսել ձայնը, գնահատանքն ու դիտողութիւնները:

Սիրելի Մարին,  մեզի պաշտօնակից որպէս, սիրուեցաւ իր հեզահամբոյր բնաւորութեամբ, պարզութեամբ եւ հայ կոչումնաւոր ուսուցչուհիի նուիրումով, Մելգոնեան Կրթական Հաստատութենէն ստացած իր դաստիարակութեամբ, աշակերտին տուաւ սիրելու տենչը իր մայրենի լեզուն,    սիրելու հայրենիքը, ու հպարտանալու իր ինքնութեամբ որպէս դարաւոր մշակոյթի տէր ազգութիւն£ Ան իր ասպարէզին ծառայեց որպէս կոչումնաւոր ուսուցչուհի:

Եղաւ հաւատարիմ հայ ընտանիքի սրբութիւններուն, որպէս ամուսին վաստակաշատ ուսուցիչ Յակոբին, ու սիրագորով մայր Վահանին ու քեզի:

Մահուան խորհուրդը անլուծելի է մեզի համար«, ենթակայ ենք նախախնամութեան անգիր օրէնքներուն£

Հայու ճակատագրով ինք ծնած Զահլէ,  ապրած՝Պէյրութ ու կեանքէն հեռացաւ Ամսթերտամի մէջ:

Անշուշտ աչքերը փակելէ առաջ օրհնեց քեզ եւ ազնիւ ամուսինդ, ձեզմէ վայելած հոգատարութեան համար, ու սիրասուն թոռները որպէս Աստուծոյ նուէրներ իրեն տրուած:

Իմ խորազգաց ցաւակցութիւններս Վահանին, քեզի եւ ամուսինիդ ու Գարայակոբեան ընտանիքի անդամներուն,  Տէրը իր բարի հոգին լուսաւորէ եւ յիշատակը մնայ բոլորիս սրտին մէջ:

Մաքրուհի Թաթուլեան-Խաչատուրեան

Որպէս վաղեմի բարեկամ Գարայակոբեան ընտանիքին,  ցաւով իմացայ Մարիին մահուան մասին« կարդալով «Արարատ»Ի մէջ դրուած մահազդը:

Սիրելի Վիքթորիա,  մօրդ նուէր գրած տողերդ շատ ճիշդ ձեւով կը ներկայացնեն մօրդ խառնուածքը« երբ կ’ըսես:

«Փետուրի նման մեղմ,  մոմի նման   լոյս տուող» հեռացար մեզմէ ստեղծելով տիեզերական դատարկութիւնը:

Կորուստիդ ծաւալին չափ երախտապարտ,  աննախատեսելի ճակատագրի վիշտերուդ ցաւով, միասնական հրաշալի երջանիկ պահերու յիշատակներով մենք պիտի շարունակենք մեր կեանքի ճամբան:

Ըսուած է միշտ՝  մահը իր ճամբով ու կեանքը իր ճամբով պիտի ընթանայ:

Սակայն բոլոր բաժանումներուն ահաւորը մահուան պատճառած ցաւն է, ոչ ոք կրնայ մէկ օրէն միւսը թօթափել իր հոգիին մէջ ծանրացող վիշտը այնքան ատեն որ կ’ապրի: Նամանաւանդ մօր մը կորուստին ցաւը:

Անոր դառն բացակայութեան պիտի կարծենք լսել ձայնը, գնահատանքն ու դիտողութիւնները:

Սիրելի Մարին,  մեզի պաշտօնակից որպէս, սիրուեցաւ իր հեզահամբոյր բնաւորութեամբ, պարզութեամբ եւ հայ կոչումնաւոր ուսուցչուհիի նուիրումով, Մելգոնեան Կրթական Հաստատութենէն ստացած իր դաստիարակութեամբ, աշակերտին տուաւ սիրելու տենչը իր մայրենի լեզուն,    սիրելու հայրենիքը, ու հպարտանալու իր ինքնութեամբ որպէս դարաւոր մշակոյթի տէր ազգութիւն£ Ան իր ասպարէզին ծառայեց որպէս կոչումնաւոր ուսուցչուհի:

Եղաւ հաւատարիմ հայ ընտանիքի սրբութիւններուն, որպէս ամուսին վաստակաշատ ուսուցիչ Յակոբին, ու սիրագորով մայր Վահանին ու քեզի:

Մահուան խորհուրդը անլուծելի է մեզի համար, ենթակայ ենք նախախնամութեան անգիր օրէնքներուն£

Հայու ճակատագրով ինք ծնած Զահլէ,  ապրած՝Պէյրութ ու կեանքէն հեռացաւ Ամսթերտամի մէջ:

Անշուշտ աչքերը փակելէ առաջ օրհնեց քեզ եւ ազնիւ ամուսինդ, ձեզմէ վայելած հոգատարութեան համար, ու սիրասուն թոռները որպէս Աստուծոյ նուէրներ իրեն տրուած:

Իմ խորազգաց ցաւակցութիւններս Վահանին, քեզի եւ ամուսինիդ ու Գարայակոբեան ընտանիքի անդամներուն,  Տէրը իր բարի հոգին լուսաւորէ եւ յիշատակը մնայ բոլորիս սրտին մէջ:

Մաքրուհի Թաթուլեան-Խաչատուրեան

 «ԱՐԱՐԱՏ»/Պէյրութ