image

«Յիշատակդ անթառամ պիտի մնայ իւրաքանչիւրիս սրտին ու հոգիին մէջ». Հ. Մաշտոց վրդ. Զահթերեանի գրառումը

«Յիշատակդ անթառամ պիտի մնայ իւրաքանչիւրիս սրտին ու հոգիին մէջ». Հ. Մաշտոց վրդ. Զահթերեանի գրառումը

Աստուած հոգիդ լուսաւորէ՛ մեծ հայր, եղբայր եւ սերունդներու դաստիարակ՝ գերյ. հ. Անդրանիկ Ծ. Վրդ. Կռանեան: Յետ այսու, հպարտանքով պիտի արտայայտուինք թէ՝ քեզ նման ուսուցիչի աշակերտած ենք: Սերունդներու պիտի փոխանցենք քու անմահ անունդ՝ որպէս Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան անդամ, խիզախ մտաւորական, արի հոգեւորական, ՀԱ՛Յ վարդապետ եւ աղօթասէր Միաբան: Այսօր, համայն հայութիւնն ու հայ մամուլը կ'ողբայ ու կը ցաւի, իսկ քու այնքա՜ն սիրած միաբանութիւնդ կը սգայ: Յիշատակդ անթառամ պիտի մնայ իւրաքանչիւրիս սրտին ու հոգիին մէջ: