image
Հրատապ լուրեր:

Միայն Երեւանի մէջ աղմուկը պիտի վերանայ եւ հայութեան ձայնը պիտի լսուի. Խաժակ Այնթէպլեան

Միայն  Երեւանի մէջ  աղմուկը պիտի վերանայ  եւ  հայութեան    ձայնը  պիտի լսուի. Խաժակ Այնթէպլեան

Խաժակ Այնթապլյան

 

 

Այս կիրակի հայկական աղմուկին մէջ կորսուած եմ...

Շիտակը եթէ ըսեմ , ես այդ հայկական աղմուկին մէջ ծնած եմ ու հոն ալ ապրած եմ... Ամբողջ կեանքս հայկական ձայն երազած եմ բայց մինչեւ վերջ միայն աղմուկ լսած եմ...  Միայն ես չէ , բոլոր հայերս ալ այդպէս ենք...
Արեւմտահայերէն աղմուկ կը հանենք սփիւռքի փողոցներուն մէջ , ու շարունակ կը պնդենք թէ հայկական ձայնը մենք ենք, բայց ինչքան ըսածնիս պնդենք այնքան աղմուկ կը հանենք... 
Արեւելահայերէն աղմուկ հանողներն ալ կը կարծեն, թէ ամբողջ հայութեան ձայնը իրենք են, ոտքերնին պաղ ջուրը դրած , միտքերնին հանգիստ կը սպասեն թէ ե՞րբ արևմտահայ աղմուկը պիտի լռէ ու միայն արեւելահայը պիտի տիրէ...  Բայց ո՛չ ասոնք, ո՛չ ալ անոնք կը լռեն ու բոլորը միասին աղմուկը աւելի կը շատցնեն ...

 
Հիմա ալ Երեւանի փողոցներուն մէջ քալած ժամանակ երկու աղմուկներուն մէջ շուարած եմ...  Մէյ մը ասոր կը լսեմ ու անոր սխալ կը տեսնեմ , մէյ մըն ալ միւսին ըսածը աւելի տրամաբանական կը գտնեմ ... Ո՞վ է ճիշդը...  Ե՞ս եմ, դո՞ւն ես... Երեւանցի՞ն ... Ղարաբաղցի՞ն... Պարսկահայը՞... Սիրիահայը՞ ... Սպիտա՞կը թէ ճերմակը , գդա՞լը թէ դգալը...
Ու յանկարծ աղմուկին մէջէն հին ծանօթ ձայն մը կուգայ ականջիս ։ Երևանն է...