image

Խնդրեմ, մենք յաղթեցինք չ'ըսենք... Հրայր Ակիլեան

Խնդրեմ, մենք յաղթեցինք չ'ըսենք... Հրայր Ակիլեան

Իսկապէս, ԱՆ յաղթեց,

բոլոր   իր դէմ  ելած ոյժերուն,
մեծ եւ փոքր երկիրներուն,
որոնք փորձեցին երկիրը քանդել,
անոնք յաջողեցան իրենց «առաքելութեան» մէջ,
Երկիր մը ամբողջ   քանդեցին, 23 միլիոն ժողովուրդին երկու երրորդը ցիր ու ցան ըրին, տնտեսութիւնը փճացուցին:

Խնդրեմ,
մենք յաղթեցինք չ'ըսենք...

դիմադրութիւնը շահեցանք, ըսենք,
մարտահրաւէրը տապալեցինք, ըսենք,
բայց՝ յաղթեցինք, չ'ըսենք:

Ո՞վ յաղթեց եւ ի՞նչպէս,
բացատրութիւն մը տու՛ր բարեկամս:

Ո՞վ յաղթեց եւ ի՞նչպէս,
երբ՝ կէս միլիոն ՄԱՐԴ զոհուեցաւ,
երկու հարիւրէն աւելին Հայ ըլլալով:

Ո՞վ յաղթեց եւ ի՞նչպէս,
Երբ  Հայ վարպետը իր կուտակած կոպեկները կորսնցուց:

Ո՞վ յաղթեց եւ ինչպէս,
երբ Հայը դարձեալ եղաւ ԳԱՂԹԱԿԱՆ,
օտարութեան ճամբան բռնելով,
հասաւ, Գանատա, Եւրոպա, Աւստրալիա:

Ո՞վ յաղթեց եւ ի՞նչպէս...

Խնդրեմ եւ խնդրեմ, բացատրեցէ՛ք: