image

Միայն հոն կը գտնես այդ ցաւին Ասփրինը. Ստեփան Աբէլեան

Միայն հոն կը գտնես     այդ ցաւին Ասփրինը. Ստեփան Աբէլեան

«Գրէ խնամի գրէ»..."Գրածներդ շատ կը սիրեմ ,միշտ կը կարդանք և կը Յուզուինք"

Այսպէս քաղցր խօսքերով ,անպայման ակնարկութիւն մը ունէր երբ Սքայփով կապուէինք Աղջկաս հետ ,: եթէ ժամը առաւօտ ըլլար,"հրամմեցէք սուրճը միասին խմենք" պիտի ըսէր անպայման.

միշտ իր անձէն դուրս շուրջիններուն համար պատրաստ խնամիս:

Շաբաթ մը առաջ մեր վէրջին խօսակցութեան դարձեալ կրկնեց ինչպէս միշտ ,"Պիտի երթանք Քէսապ անպայման և դեռ ինչեր պիտիընենք...."

Այս Քէսապ անունը ,այս քէսապցիին անբաժան հիւծախտը ,որ մօտ ըլլաս թէ հեռու ,քեզ անհանգիստ կընէ և միայն ՀՈՆ ԿԸ ԳՏՆԵՍ ԱՅԴՑԱՒԻՆ ԱՍՓԻՐԻՆԸ;

Այսպէս յոյսով և հողին ու տունին կարօտով անդարձ գնաց մեր Յասմիկ խնամին ...

Քեսապի Լէլօյին մասին գրածս շատ սիրած էր և յուզուած ,բայց ոչ ինք գիտէր և ոչ ալ ես որ յաջորդ գրութիւնս ըլլար իր մասին...Գրէ խնամիգրէ....Ուրիշ բան արդէն չեմ կրնար ընել ,ոչ ես ոչ ալ բժիշկները կրցան ընել ..անողոք հիւանդութիւնը Ամսուան մը մէջ զգետնեց այս միշտլաւատես ,միշտ քաղցր և ժպտադէմ խնամիս .

Վէց տարիներ առաջ ձգեց տունը ,հեռացաւ քէսապէն մօտ ըլլալու իր զաւակներուն Էմիրէթներու Տուպայի մէջ ,

հեռացաւ կարճ ժամանակի մը համար ,մինչև Սուրիան քիչ մը հանդարտի ,բայց ուշացաւ ամէն ինչ ,

ուշացաւ նաև իր վերադարձը ...

Տունը ապահով գոցած էր ,դրացիներ և հարազատներ ալ կը հսկէին տան վրայ ,բայց չգիտցաւ թէ ինչ պահուած էր Քէսապին ,ոչ ոք գիտցաւ, ու ետ տուն վերադառնալու կարելիութիւնը անել կացութիւն եղաւ ...բայց կար յոյսը ,կար կարօտը ,և ինք այդ լաւատեսութեան գագաթին էրՄԻՇՏ...հաւատացեալ և կամաւոր.

Փափաքեցաւ Մօր յուղարկաւորութեանը ներկայ ըլլալ ,չեղաւ, փափաոեցաւ եղբօր աղջկան պսակին ներկայ ըլլալ ,չեղաւ..

շատ առիթներ ,և ուրախութեան և տխրութեան Սրտին մէջ իր փափաքները հետը տարաւ ,

Ահաւասիկ ,քէսապցի մը ևս Օտար հողի վրայ մահացաւ ,օտար հողի տակ կը թաղուի ,կարօտը սրտին ...

Հանգչիր Սիրելի Յասմիկ խնամի ,միայն այս քանի մը տողով կրնամ ես ալ հեռուէն մասնակցիլ յուղարկաւորութեանդ ..

Թոռներդ քեզ պիտի փնտռեն ,քէսապի դրացուհիներդ պիտի չի հաւատան որ ալ չես վերադառնար ,պիտի միշտ առտուան սուրճի պահունքեզ յիշեն Յսամիկը գնաց և ալ չվերադարձաւ.

Սիրիլը առաւօտուն դուրս պտոյտի քալելու ով պիտի տանի ,և կաթիլը մեծ մամային գեղեցիկ քարտեր պիտի չկրնայ գծել...Համով հոտովպատրաստած ճաշերդ բոլորս պիտի կարօտնանք..