image

Տէրը ցոյց տուաւ մեզի Իր իսկատիպ ինքնութիւնը. Յակոբ Քորթմոսեան

Տէրը ցոյց տուաւ մեզի Իր իսկատիպ ինքնութիւնը. Յակոբ Քորթմոսեան

Այսօր Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին նշեց իր Տաղաւար տօներէն երրորդը՝ մեր Տիրոջ եւ Փրկիչին՝ Յիսուս Քրիստոսի Պայծառակերպութեան յիշատակի տօնը: Սուրբ եւ Անմահ Պատարագը մատուցող քահանայ Հայրը իր քարոզին մէջ անդրադառնալէ ետք մեր Տիրոջ պայծառակերպութեան խորհուրդին, նշեց, թէ պայծառակերպութեամբ մեր Տէրը «ցոյց տուաւ մեզի Իր իսկատիպ ինքնութիւնը»: Ապա, մատնանշելով մեր Տիրոջ հարցումը ուղղուած Իր առաքեալներուն, թէ «ո՞վ եմ ես», կոչ ուղղեց ներկայ հաւատացեալներուն, որպէսզի իւրաքանչիւրը աշխատի յայտանաբերելու եւ իմանալու թէ ով է ինք, աւելին, «ներքին պայծառակերպութեամբ աշխատիլ հասկնալ մեր իսկատիպ ինքնութիւնը, այսինքն՝ ո՛չ թէ այն ինչ կ'երեւինք ուրիշներու աչքին, այլ՝ այն ինչ որ ենք իսկութեամբ»:

Արդարեւ, մեր Տիրոջ՝ Քրիստոսի պայծառակերպութիւնը մարտահրաւէր է մեզմէ իւրաքանչիւրիս համար պայծառակերպուելու, մեր մէջի աստուածային պատկերը յայտնաբերելու եւ ապրելու Աստուածահաճոյ առաքինի կեանքով, որպէսզի Քրիստոսով պայծառացած, մեր կեանքը միշտ մնայ լուսաւոր: