image

Լուռ կը սգամ, ներսս աղաղակ մը կայ. Մանուէլ Քէշիշեան

Լուռ կը սգամ, ներսս աղաղակ մը կայ. Մանուէլ Քէշիշեան

Մանուէլ Քէշիշեան


Ամբողջ հայ ազգին հետ այսօր ես ալ կը սգամ Արցախի մէջ նահատակուած Արայիկին Վիգէնին ու Վարդանին կորուստը: Քսան տարեկան այս տղաքը թիւերո՞ւ պիտի վերածուին, գումարուելով 2017-ի 32-ին, Ապրիլեան պատերազմի 100-ին... 


Ժամանակը չէ՞ զգաստանալու: Իւրաքանչիւրս, ուր ալ որ գտնուինք, մենք մեզ պատասխանատու պէտք է զգանք, իւրաքանչիւրս զինուորի պատասխանատուութիւն պէտք է կրենք, որպէսզի նաեւ իրաւունք ունենանք գիտնալու թէ ի՞նչ կը կատարուի սահմանի վրայ, գիտնալու թէ ի՞նչը կը պակսի մեզի, գիտնալու թէ ի՞նչ կը պահանջուի իւրաքանչիւրէս: 
Պատրա՞ստ ենք:


Լուռ կը սգամ կորուստը մեր երեք զաւակներուն: Ներսէս անպատասխան հարցումներու աղաղակ մը կը հասնի կոկորդիս ու խեղդէ զիս.
Ո՞վ- որքա՞ն պատասխանատու է երէկուան, այսօրուան եւ գալիքի կատարուած-կատարուող-կատարուելիքներուն:

Անձամբ ես պատասխանատուութեան ի՞նչ բաժին ունիմ: