image
Հրատապ լուրեր:

Այսօր Նշան Գրիգորեանի ծննդեան օրն է. Թայթանիք նաւէն փրկուած 6 հայերէն մէկը

Այսօր Նշան Գրիգորեանի ծննդեան օրն է. Թայթանիք նաւէն փրկուած 6 հայերէն մէկը

Հրայր Տաղլեան

12 Մայիս 1886 ՆՇԱՆ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ Մեր թուականէն 131 տարիներ առաջ՝ 1886ին Էրզրումի Քղի գիւղին մէջ ծնած է խորտակուած Դիդանիկ շոգենաւի ուղղեւոր եւ անկէ փրկուած 711 անձերէն մէկը եղող հայազգի Նշան Գրիգորեանը:

Դիդանիկի շոգենաւին մէջ եղած են վեց հայեր, որնցմէ մէկն էր Նշան: Ան ձգելով իր հայրենիքն ու ծննդավայրը որոշած էր մեկնիլ Գանատա, այդտեղ իր կեանքը շարունակելու համար:

Որոշ աղբիւրներ կը նշեն, որ Նշան Դիդանիկի նաւը բարձրանալու համար տոմս չունէր, առ այդ համաձայնելով պաշտօնեային հետ մտած էր նաւ, հակառակ անոր իր անունը արձանագրուած էր ուղղեւորներու ցանկին մէջ:

12 Ապրիլ 1912ի երեկոյեան, Գրիգորեան խաղաթուղթը վերջացնելով անցաւ անկողին ու հազիւ անկողին մտած լսեց խուճապի ձայները: Բարձրացաւ Ա. յարկ: Ազատելու համար խորտակումէն Գրիգոր մօտեցաւ փրկանաւերուն: Հետագային նաւաստի Ֆրէնք Էվնասը (Frank Evans) ըսած է, թէ փրկանաւին մէջ տեղ չկար, սակայն Գրիգոր ինքզինք նետած է փրկանաւին մէջ: Դիդանիկը եղած է Գրիգորեանի առաջին եւ վերջին նաւը:

Ատկէ ետք միշտ հեռու մնացած է ծովէ, լիճէ ու գետէ: Անոր զաւակները կը պատմեն, թէ երբ Գրիգոր ոեւէ մէկ տեղ ջրամբար կամ լիճ տեսներ «անոր երեսը կը դաւաճանէր իր միտքերը, այն այնպէս կը նայեր ջուրին, որ դուք կը հասկնային որ ինք այդ գիշեր կենդանի մնացած էր...»: Նշան Գրիգորեան մահացած է 21 Մայիս 1978ին:

Մի՛ մոռնաք. «ԱՄԷՆ ՏԵՂ ՀԱՅ ԿԱՅ»: