image

Քրիստոս յարութիւն չառաւ. Մենք տակաւին չենք ձգեր որ ան յարութիւն առնէ

Քրիստոս յարութիւն չառաւ. Մենք տակաւին չենք ձգեր որ ան յարութիւն առնէ

Մանուէլ Քէշիշեան

Այսօր եկեղեցի չգացի Յարութեան տօնը նշելու:

Եկեղեցի չգացի որովհետեւ Քրիստոս յարութիւն չառաւ, որովհետեւ մենք մարդիկս չձգեցինք որ մեզի համար խաչեալը յարութիւն առնէ:
Երկու հազար տարիներէ ի վեր մարդկութիւնը սուրբերու ծնունդ տուաւ, որոնք ուզեցին շարունակել Խաչեալի գործը սակայն անոնցմէ իւրաքանչիւրը կրցաւ միայն ինքզինք փրկել, որովհետեւ մարդկութիւնը երկու հազար տարի անընդհատ ծնունդ տուաւ սպանդներ իրագործող ոճրագորներու, ձեռագիր մատեաններով գետերուն ջուրի գոյնը սեւով ներկողներու: 
Մարդ արարածը ձախողցուց իր արարչին ծրագիրը: Աստուծոյ որդին չյաջողեցաւ իր առաքելութեան մէջ եւ մարդուն մէջ չարը յաղթական մնաց: 
 Որովհետեւ մենք քրիստոնեայ մկրտուելով քրիստոնեայ չդարձանք, որովհետեւ մենք Քրիստոսի պատուիրանները սորվելով եւ սորվեցնելով գործադրութեան չդրինք զանոնք, թէեւ մեզմէ իւրաքանչիւրը իր նմաններէն պահանջեց հետեւիլ պատուիրաններուն, ինք բաւարարուեցաւ Քրիստոսի խօսքերու թութակի պէս կրկնութեամբ, այդպիսով արժեզրկելով խաչելութեան իմաստը:


Այսօր ալ, Խաչելութենէն գրեթէ երկու հազար տարիներ ետք մարդը կը մնայ նոյնը՝ յանուն այս ժամանակաւոր վայելքին կը սպաննէ, կը խաբէ, կ'ոտնակոխէ, կը զրպարտէ, կը դաւաճանէ, կը գողնայ...
... Եւ չի ձգեր որ Քրիստոս յարութիւն առնէ:


Ի՞նչ տուաւ մեզի Քրիստոս իր խաչելութեամբ:


Ան սորվեցուց մեզի զանազանել չարը բարիէն. Ահա թէ ինչո՞ւ մենք կը փորձենք ծածկել մեր չարութիւնները, բարիի դիմակ կը հագնինք, ահա թէ ինչո՛ւ նոյնիսկ ամենամեծ ոճրագործները իրենց չար արարքներուն բարիի շղարղ կը հագցնեն: 


Քրիստոս իր խաչելութեամբ փոխեց խաչին իմաստը, Խաչը դադրեցաւ ոճրագործութեան խորհրդանիշ ըլլալէ, Խաչը սրբացաւ, որովհետեւ թէեւ իր խաչելութեամբ ան չկրցաւ մարդուն մէջ սպաննել չարը, սակայն անոր մէջ ամրապնդեց ՁԳՏՈՒՄԸ դէպի ԲԱՐԻ-ն, ձգտումը ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ: 


Ահա թէ ինչու մենք երկու հազար տարիներէ ի վեր մեր եկեղեցիներուն մէջ կը ներկայացնենք Խաչելութիւնն ու Յարութիւնը. չէ՞ որ չար ըլլալով կը ձգտինք բարիին:


Մարդը պիտի կ'արենա՞յ յաղթել հոն, ուր ձախողեցաւ Աստուած: Մարդու մէջի բարին պիտի կարենա՞յ յաղթել իր մէջ բոյն դրած չարին:
Ե՞րբ: Ուշ պիտի չըլլա՞յ: Դեռ որքա՞ն զոհ պիտի պահանջուի մեզմէ: Դեռ մինչեւ ե՞րբ պիտի սպաննենք զիրար, պիտի խաբենք, պիտի.... պիտի....
Չեմ ուզեր ոեւէ մէկը վիրաւորած ըլլալ, սակայն.


Քրիստոս յարութիւն չառաւ: Մենք տակաւին չենք ձգեր որ ան յարութիւն առնէ: