image
Հրատապ լուրեր:

Նախագահ Հոլլանտի Վերջին Խոստումը. Աժան քաղաքականութիւնն ալ գիտելիքի կը կարօտի

Նախագահ Հոլլանտի Վերջին Խոստումը. Աժան քաղաքականութիւնն ալ գիտելիքի կը կարօտի

Հիլտա Չոպոյեան

 

Նախագահ Հոլլանտի Վերջին Խոստումը
Ֆրանսահայ կազմակերպութիւններու համակարգման խորհուրդի տարեկան ընթրիքին Նախագահը խոստացած է Ֆրանսայի մէջ հաստատել Ցեղասպանութիւններու յիշատակի օր մը, մինչդեռ 2003 թուականէն ի վեր 27 Յունուարը արդէն կը նշուի որպէս Ցեղասպանութիւններու և Մարդկութեան դէմ ոճիրներու յիշատակի և կանխարգիլման Օր։ Հարցում՝ արդեօ՞ք նախագահը այս գաղափարը յղացաւ յանպատրաստից, տեղուոյն վրայ ներկաները տպաւորելու նպատակով, թէ՞ բանիմաց ղեկավար մը այս խորհուրդը շշնջաց իր ականջին որպէսզի նախագահին խոստումներուն ձախողութենէն վերջ հնգամեակէն դրական բան մը մնայ։ Ամէն պարագայի, աժան քաղաքականութիւնն ալ գիտելիքի կը կարօտի։