image

Կարօ Արմենեան- Մեր Հաւաքական Յիշողութեան Աստիճանական Մահը

Կարօ Արմենեան- Մեր Հաւաքական Յիշողութեան Աստիճանական Մահը

  Դոկտ. Կարօ Արմէնեան (ԱՄՆ), իր Ֆէյսպուքեան էջին  կը գրէ ՝ «Երբ մայրաքաղաքը իր անծայր միամտութեանը մէջ կը մարէ իր լոյսերը և կը պատրաստուի քուն մտնելու, կայ անտեսանելի այս հրէշը, որ կ՚անցնի պողոտայէ պողոտայ և հրապարակէ հրապարակ և կը թիրախաւորէ մեր հաւաքական յիշողութեան ապրող վկաները ամէնուրեք...Առտուն կ՚արթննաս և արդէն վճռուած է ճակատագիրդ։ Առտուն կ՚արթննաս և այլևս պատմութիւն չունիս։ Մէկը յանկարծ առևանգած է քաղաքիդ հոգին։ Your soul has been hijachked. Your collective identity stolen. Մէկը միւսին ետևէն ծախու կը հանուին այն բոլորը, որ մերն է մեր հաւաքական ինքնութեան իրաւակարգով։ Ողորմելիներու դասակա՛րգ մը՝ որ իրաւունք կու տայ ինքզինքին դիմազեղծելու ճարտարապետական յղացքը Առաջին Հանրապետութեան Կառավարութեան Տան (ուրկէ Արամ Մանուկեան ղեկավարեց Սարդարապատի մեծ զօրաշարժը) և զայն վերածելու փիցցայի սեղանատան...որ իրաւունք կու տայ ինքզինքին անտեսելու, քայքայելու, անարգելու Արամ Մանուկեանի տունը և զայն վերածելու շուկայական տարածքի...որ իրաւունք կու տայ ինքզինքին սեփականաշնորհելու Հանրապետութեան Հրապարակի պետական կառոյցները, Երևանի Ծածկած Շուկան, Մարզահամալիրը և կը զրկէ քաղաքը իր կանաչապատ տարածքներէն՝ իր թոքերէ՛ն և որ Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրի նուիրական կենսագօտին կ՚ընէ «մոլ», կ՚ընէ «քազինօ», կ՚ընէ խաղավայր...Չկայ ուժ, որ կարենայ կասեցնել այս հրէշը։ Չկայ ոչինչ, որ կարենայ յագեցնել իր դիւային ախորժակը։Ո՞րն է յաջորդը, Պր. Նախագահ... ո՞րն է յաջորդ այն թիրախը, զոր ողբալի չիմացութեամբ «օբյեկտ» կ՚անուանեն Քաղաքապետութեան դիւանները և որ կոչուած է մեր հաւաքական յիշողութեան ղօղանջներով արձագանգելու սերունդներու գիտակցութեան մէջ։ Ո՞րն է յաջորդ զոհը այս ամէնակուլ հրէշին։ Եւ ո՞վ է այս հրէշը, զոր պետութիւնը չէ կրցած զսպել ցարդ»: