image

Լ.Շառոյեան. Քիչ մը ժպիտ ուրուագծուած է Սուրիոյ ուսուցիչներուն (ու բոլոր քաղաքացիներուն) դէմքին

Լ.Շառոյեան. Քիչ մը ժպիտ ուրուագծուած է  Սուրիոյ ուսուցիչներուն (ու բոլոր քաղաքացիներուն) դէմքին

Այսօր (Հինգշաբթի, 17 Մարտ) Սուրիոյ տարածքին կը նշուի Ուսուցչաց Տօնը։ Դպրոցներն ու պետական-պաշտօնական բոլոր հաստատութիւնները փակ են։ Եւ որովհետեւ կարելի դարձած է հրադադար հաստատել վերջին շաբաթներուն, ուստի՝ քիչ մը ժպիտ ուրուագծուած է ուսուցիչներուն (ու բոլոր քաղաքացիներուն) դէմքին…
Հալէպի հայկական մեր վարժարանները, աւանդութիւնը յարգելով, մտերմիկ սեղաններու շուրջ համախմբեցին իրենց կրթական մշակները, գնահատեցին ու պատուեցին զանոնք։
Այսպէս, երէկ (Չորեքշաբթի) երեկոյեան, Զահրա պողոտայի «Մօնրօ» ճաշարանին մէջ Կիլիկեան Ճեմարանը հաճելի ընթրիք մը սարքեց ի պատիւ իր ուսուցիչ-ուսուցչուհիներուն։ Կիլիկեանցիները, որոնց դպրոցաշէնքը շատ վնասուած է, մաղթեցին որ հինգ տարի յետոյ, 2021-ին, խաղաղ ու կայուն պայմաններու մէջ կարենան տօնախմբել իրենց վարժարանին 100-ամեակը։ 
Իսկ այսօր (Հինգշաբթի) կէսօրին, նոյն Զահրա պողոտայի «Օլիմփիա» ճաշարանին մէջ մէկտեղուած էին Քարէն Եփփէ Ազգ. Ճեմարանի ուսուցիչ-ուսուցչուհիները, շուրջ 50 հոգի։ Հոս եւս խանդավառութիւն կը տիրէր ճաշասեղաններուն շուրջ, ու բոլորին մաղթանքն այն էր, որ Ճեմարանը վերադառնայ իր հարազատ բոյնը՝ Նոր Գիւղի սրտին վրայ…։ Յառաջիկայ տարի Ճեմարանը կը դառնայ 70 տարեկան։ 
Իր կարգին, Հ.Բ.Ը.Միութեան Լ.Նաճարեան-Գ.Կիւլպէնկեան վարժարանն ալ, նոյն այս առիթով, քոքթէյլ մը պիտի սարքէ Շաբաթ երեկոյեան, Բարեգործականի կեդրոնատեղիին մէջ։
Մեր վարժարանները, ահա այսպէս, դժուարագոյն պայմաններու մէջ իսկ կը շարունակեն տոկալ, կատարել իրենց առաքելութիւնը, դիավարել հոսանքն ի վեր։ 

 

 

(Նկարին մէջ՝ Կիլիկեան Ճեմարանի ուսուցչական կազմը, երէկուան հաւաքոյթի ընթացքին)